ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ուրբաթ, յունուարի 8-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։

Հանդիպումը սկսաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր աղօթքով եւ բացման խօսքով։ Այցելուներ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տաղաւարի առթիւ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը ու փոխանցեցին իրենց բարեմաղթանքը։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր սրտի խօսքին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութեանց առթիւ գոհունակութիւնը յայտնեց եւ մաղթեց որ տօնական օրերը յանձնախումբի անդամներուն համար դառնան ոգեւորութեան եւ խաղաղութեան առիթներ։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ համավարակի շրջանին առաւել եւս թափ ստացած էր Աթոռոյ մարդասիրական ծառայութիւնը. բան մը, որ գնահատելի է շատերուն համար։ Սոյն ծառայութեան օժանդակից բոլոր կամաւորները գնահատեց եւ փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ, թէ ժողովուրդին ու բարերարներու եւս արդար գնահատանքին եւ վստահութեան արժանացած էր սոյն ծառայութիւնը եւ յայտնեց, թէ այս մէկը իրականացած է թափանցիկ կարգաւորութեամբ եւ քննութեան բաց՝ հաշիւներու շնորհիւ։

Յանձնախումբի անդամները Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցին 2020 թուականի հաշուետուութիւնը, նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին՝ իրենց ապագայ գործունէութեան շուրջ։

Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ արտաքոյ յանձնախումբի այլ անձերու եւ յանձնախումբերու աշխատութիւնները պէտք է համախմբուին Աթոռոյ հովանիին ներքեւ, որպէսզի միասնականութեամբ եւ միաբանութեամբ առաւել եւս ընդարձակ ու տոկուն դրութիւն մը հաստատուի։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի բոլոր անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մարդասիրական ծառայութեանց համար ու օրհնեց բոլոր կամաւորները՝ մաղթելով, որ Աստուած զօրութիւն պարգեւէ բոլորին իրենց աստուածահաճոյ ծառայութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021