«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ «ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ»Ը

javascript:void(0)«Մա­րալ» միու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քով մը։ Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու «Մա­րալ» միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ Մա­րի Աք­պաշ, Սել­մա Մե­լե­քեան, Լեռ­նա Փա­փա­զեան եւ  Ա­լին Քում­րալ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ծրագ­րած են կազ­մա­կեր­պել «Ա­րա եւ Շա­մի­րամ»ի ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շարք մը, ո­րու հա­մար թա­փով կ՚ըն­թա­նան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Իր հիմ­նադ­րու­թե­նէն ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ «Մա­րալ» միու­թիւ­նը հան­դէս պի­տի գայ ներ­կա­յա­ցու­մով մը։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ «Ա­րա եւ Շա­մի­րամ»ի ներ­կա­յա­ցում­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն կրկնել Ե­րե­ւա­նի եւ Պէյ­րու­թի մէջ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016