ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Եր­կու­շաբ­թի տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ պա­հոց շրջա­նի ա­ռա­ջին Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րեց Մու­րատ Կի­սա­սար­կա­ւագ Իչ­լի­նալ­չա։ Ռո­պէր Սար­կա­ւագ Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ Լե­ւոն Սար­կա­ւագ Գու­յում­ճեան եւս մաս­նակ­ցե­ցան Ա­րե­ւա­գա­լին, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեա­նի գլխա­ւո­րած Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ սար­քուած պահ­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016