ԶԵԿՈՅՑ

Պատրիարքական Աթոռը 10 փետրուար 2021, չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ, թէ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է քորոնա համավարակէն եւ ներկայիս առտնին դարմանման տակ կը գտնուի։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին հոգեւորականաց դասու անդամները մասնակցած էին Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, հաւանականութիւն ծագած է, թէ վարակումէն ազդուածներ կրնան ըլլալ։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հետ համագործակցութեամբ, ուրբաթ օր, բոլոր հոգեւորականաց դասու անդամներու եւ վարակման հաւանականութեան ենթակայ անձերու քննութիւնները պիտի կատարուին։ Առ այդ, Աթոռոյս տնօրինութեամբ, մինչեւ ստուգման արդիւնքները յայտնի դառնան ջնջուած են բոլոր արարողութիւնները՝ ներառեալ Ս. Վարդանանցի տօնակատարութիւնները։

Այս առթիւ, կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ տէր հայրը կատարեալ առողջութիւնը վերագտնէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021