ՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Գերմանական «Orient-Institut»ի Իսթանպուլի մասնաճիւղին մօտ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնը։ «Orient-Institut»ի կողմէ «Max Weber» հիմնարկի աջակցութեամբ կազմակերպուած ասուլիսներու շարքին շրջագծով կատարուեցաւ այս ցուցադրութիւնը, որուն զուգահեռ բանախօսեց թերթիս խմբագրակազմէն Տքթ. Այլին Գօչունեան։ Ինչպէս ծանօթ է, «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական այս ժապաւէնը պատրաստուած էր թերթիս դարադարձի շրջանին։ Արա Շիրինեանի բեմադրութեամբ արտադրուած այս ֆիլմը երէկ երեկոյեան «Orient-Institut»ի մէջ ցուցադրուեցաւ հայ մամլոյ պատմութեան ծիրին մէջ, իբրեւ մշակուած առարկայ։
1908 թուականով պայմանաւորուած պատմական իրադարձութիւններու ֆոնին վրայ, փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան զուգահեռ՝ Այլին Գօչունեան կանգ առաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ինքնուրոյն ոդիսականին, Օսմանեան շրջանի եւ Թուրքիոյ մամլոյ ընդհանուր պատմութեան զանազան երեսակներուն վրայ։ Հայ մամլոյ պատմութեան անդրադառնալով՝ ան բնականաբար առաջին հերթին խօսեցաւ Մատրասի մէջ լոյս տեսած «Ազդարար»ին շուրջ, բացատրելով նաեւ անգլիական լուսաւորութեան ազդեցութիւնը։ Տեղափոխուելով Օսմանեան տարածք՝ Այլին Գօչունեան ներկայացուց Սուլթան Մահմուտ Բ.-ի գահակալութեան շրջանի բարեփոխումներու ծրագիրը եւ այդ հանգրուանին լայն զանգուածներուն հասնելու առաջադրութեամբ խրախուսուած թերթերու հրատարակութիւնը։ 1832 թուականին Օսմանեան պետութեան պաշտօնաթերթը արդէն ունեցած էր հայերէն տարբերակ մը, որ իր հերթին բերած էր լեզուի պարզութիւն մը։ Ազգային Սահմանադրութեան հռչակումով, Պատրիարքական Աթոռի հովանիին ներքեւ ստեղծուած կրթական յանձնախումբն ալ ունեցած էր համապատասխան նախաձեռնութիւններ։ Տակաւին 1853 թուականին գրաբարէ աշխարհաբարի անցնելու համար սկսած էին աշխատանքներ։ Այդ բոլորը նպաստած էին նաեւ հայկական թերթերու լեզուի պարզութեան։
Այլին Գօչունեան հայ մամլոյ բազմակողմանի ճանապարհորդութեան ինչ-ինչ երեսակներուն անդրադարձաւ ամփոփ գիծերու մէջ, ներառեալ հայատառ թրքերէն հրատարակութիւնները, հայկական երգիծական մամուլը եւայլն։ Ատենախօսը առանձնացուց այն հանգամանքը, թէ Օսմանեան շրջանին հայ մամուլին եւ միւս լեզուներով մամուլին միջեւ գոյութիւն ունէր մշտական երկխօսութիւն մը։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունէր այն երեւոյթը, թէ շրջանի խմբագիրները առհասարակ բազմալեզու էին։ Որպէս իրաւունքի պատմութիւն ուսումնասիրած մասնագէտ՝ Այլին Գօչունեան նշեց, թէ Օսմանեան շրջանին ընդունուած օրէնքներուն այդ ժամանակուան մամուլին ցոլացած հայերէն թարգմանութիւնները հետազօտած է մեծ հետաքրքրութեամբ։ Այս շրջագծով շրջանի հայ մտաւորականութիւնը այդ ժամանակ օսմաներէնէն անկախ, ֆրանսերէնի ազդեցութեան տակ ստեղծած է իրաւունքի նոր լեզու մը եւ հասկացութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ հայկական պարբերականներուն թիւը անհամեմատ աւելցած էր հայոց Ազգային Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ։ 1860-1870-ական թուականներուն ապահովուած բարձր արդիւնաւէտութիւնն ալ ատենախօսը մեկնաբանեց այս նոյն ծիրին մէջ։
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն եւ իր զեկուցումէն վերջ, Այլին Գօչունեան պատասխանեց նաեւ ձեռնարկի մասնակիցներու զանազան հարցումներուն։
Երէկուան երկոյթի լեզուն էր անգլերէն։ Մասնակիցներու շարքին էին ակադեմականներ, համալսարանական ուսանողներ եւ հետաքրքիր մասնագէտներ։ «Orient-Institut»ի տնօրէն Ռաուլ Մոթիքա ջերմ ելոյթով մը ողջունեց Այլին Գօչունեանը, իսկ ձեռնարկին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին անմիջական զրոյց մը տեղի ունեցաւ ատենախօսին եւ ներկաներուն միջեւ։