ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սա Մեծ պա­հոց շրջա­նի հինգերորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւնն էր, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։ Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, իսկ ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։

Ժա­մեր­գու­թե­նէն վերջ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը պահ­քի սի­րոյ սե­ղան մը սար­քե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016