Մխիթարեանցիները Այցելեցին Քլայփետա

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը 29 Փետ­րուար-5 Մարտ թուա­կան­նե­րուն այ­ցե­լեց Լիթ­վա­նիոյ Քլայ­փե­տա քա­ղա­քը։ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կրթու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրագ­րե­րու կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րուող «Է­րաս­մուս+» ծրագ­րով կա­յա­ցած ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան, սպա­նե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Մա­րի Լուիզ Սաաթ­ճեան, բնա­գի­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Սե­զիմ Եըլ­մազ, ինչ­պէս նաեւ 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ դա­սա­րա­նէն ա­շա­կերտ­ներ։

Փոր­թու­գա­լէն, Սկով­տիա­յէն, Նոր­վե­կիա­յէն, Թուր­քիա­յէն, Ֆրան­սա­յէն ու Ի­տա­լիա­յէն ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան եր­գի­ծան­կար­չու­թեան ու գծա­վէ­պի միօ­րեայ դա­սըն­թաց­քի մը, որ­մէ ետք պատ­րաս­տե­ցին գծա­վէպ մը՝ պատ­մե­լով Սեպ­տեմ­բեր 2014-էն ի վեր շա­րու­նա­կուող այս ծրագ­րի ըն­թաց­քին ի­րենց կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­նոնք մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ քաղց­րա­ւե­նի­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ ան­պէտք նկա­տուող ի­րե­րու վե­րամ­շակ­ման աշ­խա­տա­նոց­նե­րու։

Վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Լո­րէն Քո­չուն ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ՝ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան վե­րա­բե­րեալ գի­տե­լիք­նե­րու մրցան­քի մը ար­դիւն­քին։

Ար­տա­սահ­մա­նէն ժա­մա­նած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, հա­կա­ռակ տի­րող հիւ­սի­սա­յին ցուր­տին, տաք յի­շա­տակ­նե­րով բաժ­նուե­ցան Քլայ­փե­տա­յէն, որ մին­չեւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը կը պատ­կա­նէր Գեր­մա­նա­կան կայս­րու­թեան։

«Է­րաս­մուս+»ի հա­մա­կարգ­ման վեր­ջին ժո­ղո­վը պի­տի կա­յա­նայ 9-12 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն՝ Իս­թան­պու­լի մէ­ջ։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016