Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանին Մէջ Բանախօսութիւն

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը իր եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լեց մտա­ւո­րա­կան, հրա­տա­րա­կիչ  եւ պատ­մա­բան Օս­ման Քէօ­քէ­րը: Բա­նա­խօ­սու­թեան ներ­կայ էին Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր:

«Պիր­զա­ման­լար » հրա­տա­րակ­չա­տան սե­փա­կա­նա­տէր  Օս­ման Քէօ­քէր  ծա­նօթ ա­նուն մըն է որ­պէս Թուր­քիոյ մշա­կու­թա­յին զա­նա­զա­նու­թեան եւ հարս­տու­թեան պաշտ­պան:

Օս­ման Քէօ­քէր Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Թուր­քիոյ եր­բեմ­նի հա­յա­շատ թա­ղե­րու եւ հա­յե­րու կող­մէ ստեղ­ծուած պատ­մա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րու մա­սին: Իսկ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը օգ­տուե­լով 28-29 Մար­տի ար­ձա­կուր­դէն, կը ծրագ­րէ ի­րա­կա­նաց­նել  շրջապ­տոյտ մը դէ­պի Պար­տի­զակ եւ Ար­մաշ:

Ուս­տի Օս­ման Քէօ­քէր մաս­նա­ւո­րա­բար ծան­րա­ցաւ այս կեդ­րոն­նե­րուն վրայ եւ տղոց փո­խան­ցեց օգ­տա­շատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ այդ շրջան­նե­րէն: Տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կա­նե­րով ճո­խա­ցած իր ծանoթաց­ման մէջ ան բա­ցիկ­նե­րու մի­ջո­ցաւ խօ­սե­ցաւ Ա­նա­տո­լուի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, վան­քե­րուն, դպրոց­նե­րուն, բաղ­նիք­նե­րուն, գոր­ծա­րան­նե­րուն եւ բնա­կա­րան­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կամ բո­լո­րո­վին սրբուած են պատ­մու­թեան է­ջե­րէն եւ կամ ա­ւե­րակ վի­ճակ ստա­ցած:

Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւնն  ալ  պզտիկ պրակ մը պատ­րաս­տած էր Պար­տի­զա­կի, Ար­մա­շի եւ Իզ­մի­թի մա­սին:

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016