Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութեան։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ արարողութեան, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Սեւան Արապօղլու։ Արարողութիւնը աւարտին հասաւ խաչահանգիստով։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ սարքուած պահքի սեղանը օրհնեց Ընդհանուր Փոխանորդը։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան ուխտաւոր հաւատացեալները, որոնք Մեծ պահոց նուիրական շրջանին բնորոշ մթնոլորտի մը մէջ անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։