ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐԷՑ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ
Երէկ երեկոյեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի Հարպիյէի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։ Արդարեւ, Նշան Եաղուպեան երկար տասնամեակներէ ի վեր իր մասնագիտական պաշարը ի սպաս դրած է ընդհանրապէս մեր երկրին, նաեւ մասնաւորապէս մեր համայնքին համար։ Այս բոլոր հանգամանքներու լոյսին տակ ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ երէկ կազմակերպուած ձեռնարկը մէկ կողմէ ունէր մեծարանքի բնոյթ, իսկ միւս կողմէ պատեհ առիթ մը դարձաւ Նշան Եաղուպեանի նկատմամբ անհրաժեշտ երախտագիտութիւնը մատուցելու տեսակէտէ։
Երէկուան հանդիսութիւնը սկսաւ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլօֆի ողջոյնի խօսքով։ Հանդիսավարներն էին՝ Իրէն Պըչաքճը եւ Սէրլի Հուպիկօղլու, որոնք համակարգած էին այս ծրագիրը։ ՀԱՅՃԱՐ-ի՝ վարպետներու նկատմամբ յարգանքի ծրագրի ծիրէն ներս նախատեսուած էր Նշան Եաղուպեանի մեծարանքը։ Յայտագրի առանցքը կազմեց իր մասին պատրաստուած փաստավաւերագրական ժապաւէն մը, որու բեմադրիչն էր Ատոմ Շաշքալ։ «Մարդը, որ չի յագենար ճարտարապետութեամբ» խորագրեալ այս ժապաւէնին մէջ Նշան Եաղուպեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին վկայութիւններ բերած էին՝ Պերճ Չալըքման, Էլիֆ Կիւնտողտու, Էնիս Քորթան, Էվին Էրիշ, Լեւենտ Աքսիւթ եւ Եաշար Մարուլեալը։ Սա անշուշտ ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնն էր եւ բոլոր ներկաները հետեւեցան հետաքրքրութեամբ։
Ժապաւէնի ներկայացումէն վերջ ՀԱՅՃԱՐ-ի սիւներէն Նազար Պինաթլը արտասանեց երախտագիտութեան խօսք մը։ Նշան Եաղուպեանի բարեկամներն ալ համակրանքով արտայայտուեցան իր մասին։ Մեծարեալն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին։ Իրեն յանձնուած ծաղիկները եկան բնորոշել յայտագրի աւարտը։
Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Նշան Եաղուպեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր բարեկամական շրջանակին կողմէ։ Բոլորը հերթական անգամ իրենց հիացմունքը յայտնեցին Նշան Եաղուպեանի մարդկային համեստութեան եւ ասպարէզի անկրկնելի ընդունակութիւններուն նկատմամբ։ Այս եզակի ձեռնարկի ընթացքին Նշան Եաղուպեանին ուրախակից էին նաեւ Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ծանօթ է, որ Նշան Եաղուպեան կ՚անդամակցէր Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։
1928 թուականին Իսթանպուլի մէջ ծնած է Նշան Եաղուպեան, որ աւարտած է Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ճարտարապետութեան բաժինը։ Միջիկընի համալսարանէն ներս կատարելագործած է իր բարձրագոյն ուսումը։ 2000 թուականէն սկսեալ միջոց մը դասախօսած է «Ետիթեփէ» համալսարանի Ճարտարապետութեան ֆաքիւլթէէն ներս։ Իսթանպուլի Ազատ ճարտարապետներու միութեան կողմէ 2003 թուականին պատուոյ անդամ համարուած է՝ Թուրքիոյ մէջ այս բնագաւառին բերած նպաստին բերումով։ Պետական եւ հանրային բազմաթիւ շինութիւններու հեղինակ Նշան Եաղուպեան իր ստեղծագործութիւններով արժանացած է բազում պարգեւներու եւ մրցանակներու։ Մեր համայնքէն ներս ալ ան ծաւալած է երախտաշատ գործունէութիւն։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024