ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Գումգաբուի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ համայնքային նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանին շուրջ գումարուելիք առաջին ժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաքելութեան ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ նախաձեռնութիւնով մը, որու պտուղն է այս նորաստեղծ Կեդրոնական սեղանը։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կեդրոնաձիգ կառավարման համակարգ մը հաստատելու նպատակը կը հետապնդէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, 18 փետրուարին, Պատրիարքարանի մէջ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցած էին Կրօնական ժողովի անդամներն ու թրքահայ հաստատութիւններու ատենապետները։ Այդ խորհրդակցութեան ընթացքին որոշուած էր ստեղծել Կեդրոնական սեղան մը, որու գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ մեր հաստատութիւններու հրատապ հարցերը ճշդել, անոնց առողջ գոյատեւման համար խնդիրներու լուծման հասարակաց ճանապարհ մը որոնել եւ համախորհուրդ ձեւով կեդրոնանալ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման վրայ։ Կեդրոնական սեղանի զբաղելիք հիմնական խնդիրներէն մին պիտի ըլլայ նաեւ համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը հանդիսացող նիւթական միջոցներու կամ կալուածներու արդար, նպատակասլաց արժեւրումը, հասոյթներու բաժանումը։

Ուրեմն, այս ակնկալութիւններու մթնոլորտին մէջ է, որ վաղը, ժամը 17.00-ին, Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ նորաստեղծ սեղանին շուրջ առաջին խորհրդակցութիւնը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Այս անդրանիկ նիստին ժամանակ պիտի յստակեցուի Կեդրոնական սեղանի անուանումը եւ պիտի կազմուի անոր դիւանը։ Յառաջիկայ գործունէութեան կարգաւորման եւ սահմանումներու յստակեցման համար պաշտօնի պիտի կոչուի յանձնախումբ մը, որ պիտի մշակէ կանոնադրութիւն մը։ Այս յանձնախումբը պիտի ունենայ նաեւ շարք մը ենթայանձնախումբեր, որոնք պիտի լծուին համայնքային վարչամեքենային տեսակէտէ անհրաժեշտ կանոնագրութիւններու պատրաստութեան կամ վերամշակման։ Նկատի ունենալով, որ այժմ համայնքային կեանքէն ներս մեր հաստատութիւններուն միջեւ նիւթական զօրակցութիւն մը ապահովելու լուրջ պահանջք մը զգալի դարձած է՝ նորակազմ սեղանին շուրջ օրակարգի վրայ պիտի գայ նաեւ յատուկ յանձնախումբի մը ստեղծումը՝ նիւթական օժանդակութիւններու խնդիրներուն հետամուտ ըլլալու համար։ Ի պահանջել հարկին այս յանձնախումբն ալ պիտի ձեւաւորէ իրեն ենթակայ աշխատանքային խումբեր։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորած սեղանին շուրջ իր կողքին պիտի ըլլան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ի պաշտօնէ սեղանին շուրջ տեղ պիտի ունենան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու ատենապետները մեր այն հաստատութիւններուն կամ մարմիններուն, որոնք վարժարան մը կը հովանաւորեն։ Այս կազմին վրայ կ՚աւելնան վարժարան չունեցող երեք եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետներ, որոնք պիտի պաշտօնավարեն հերթով։ Առաջին փուլին այդ հերթը պիտի ստանձնեն Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետները։

Կեդրոնական այս նորաստեղծ սեղանի ձեւաւորման զուգահեռ՝ վերջերս երկար ընդմիջումէ մը վերջ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ժողով մըն ալ գումարած էր Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը, որ նոր անունն է Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի։ Իրերանման առաքելութիւնով եւ նպատակներով երկու ձեւաչափեր են անոնք եւ յառաջիկայ շրջանին աշխատանքներու հասունացումով կը նախատեսուի նաեւ անոնց գործունէութեան ծիրի, դերաբաժանումներու յստակեցման ապահովուիլը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020