ՍԻՊԻԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս օրերուն կ՚այցելէ Պէյրութ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին նախատեսուած էր Պէյրութի մէջ Սիպիլի համերգը, սակայն, քորոնաժահրի համավարակին հետեւանքով այդ մէկը ակամայ յետաձգուած էր։ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ մշակուած այս ծրագիրը ներկայիս արդէն կեանքի կը կոչուի։ Սիպիլ այս օրերուն կը գտնուի Պէյրութի մէջ, ուր լիբանանահայութիւնը ջերմօրէն կ՚ողջունէ զինքը։ Իր համերգին ընդառաջ, ան հարցազրոյցներ կու տայ լիբանանահայ զանազան լրատուամիջոցներու։

Համակրելի մեներգչուհին արդէն համերգի նախորդած մթնոլորտին մէջ իր փոխանցած դրական ու ջերմ պատգամներով յաջողած է այժմէն գրաւել լիբանանահայութեան սիրտը։ Կը նախատեսուի, որ Սիպիլի համերգն ալ առիթ հանդիսանայ մեծ ոգեւորութեան եւ արժանանայ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022