ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆԻՆ (Հոգեւոր Առաջնորդ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի)

Նախ­կին պոլ­սա­հայ լրագ­րող Գէորգ Պիւ­յիւք­յա­կո­բեան, որ ներ­կա­յիս բնակ­չու­թիւն հաս­տա­տած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ առ­կայ փա­կու­ղիին շուրջ գրու­թիւն մը ու­ղար­կած է խմբագ­րու­թեանս։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին ուղ­ղեալ բաց նա­մակ մըն է այս մէ­կը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը ցո­լաց­նէ հե­ղի­նա­կի անձ­նա­կան հա­յեաց­քը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ար­տա­սահ­մա­նի նախ­կին պոլ­սա­հա­յե­րը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ներ­կայ տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան եւ հրա­տապ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ Գէորգ Պիւ­յիւք­յա­կո­բեա­նի այս գրու­թիւ­նը կը հրա­տա­րա­կենք ցո­լաց­նե­լու հա­մար այդ մթնո­լոր­տը եւ նպաս­տե­լու հա­մար ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցու­մի մը ձե­ւա­ւոր­ման՝ յի­շեալ հար­թակ­նե­րուն վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած կար­ծիք­նե­րուն շուրջ։ Այս նա­մա­կին բո­վան­դա­կած բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը հա­մա­հունչ չեն խմբագ­րու­թեանս վե­րա­բեր­մուն­քին՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրին մա­սին։ Ստո­րեւ, ա­ռանց մեկ­նա­բա­նու­թեան ու նոյ­նու­թեամբ տեղ կու տանք սոյն գրու­թեան՝ հա­շուի առ­նե­լով նաեւ, որ հե­ղի­նա­կը նախ­կին պոլ­սա­հայ պաշ­տօ­նա­կից մըն է։

Սի­րե­լի Սրբա­զան Հայր,

Ես Ձեզ ճանչ­ցայ ճիշդ 53 տա­րի ա­ռաջ, Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­շի­նու­թեան յա­ջոր­դող օծ­ման եւ Ս. Պա­տա­րա­գին առ­թիւ։ Այդ օր հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք հան­դեր­ձեալ էր Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նե­լու եւ դուք իբ­րեւ Տիգ­րան Սրկ. Պեք­ճեան կը կա­տա­րէիք սար­կա­ւա­գի բա­ժի­նը կրտսեր եւ ե­րէց եղ­բայր­նե­րու հետ միա­սին։

Յե­տոյ տա­րի մը վերջ տե­ղեակ դար­ձանք, թէ ու­րա­խու­թեան մեծ ա­լիք մը ստեղ­ծուած էր մա­նա­ւանդ Սկիւ­տա­րի մեր զոյգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ։ Հե­տաքրք­րուե­ցանք եւ ու­զե­ցինք ներ­կայ գտնուիլ ու ե­լանք գա­ցինք Սկիւ­տա­րի Ս. Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին, ուր հնա­րը չկար նոյ­նիսկ ե­կե­ղե­ցիէն ներս մտնե­լու, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Բայց ե­րի­տա­սար­դու­թեան մե­զի տուած հա­մար­ձա­կու­թեամբ կրցանք հաս­նիլ մին­չեւ դա­սի մօ­տե­րը։ Դուք՝ Տիգ­րան, Ե­րուանդ ու Ստե­փան սար­կա­ւագ­ներ, խո­րան բարձ­րա­ցած, սքան­չե­լի ու ի­մաս­տա­լից ներ­դաշ­նակ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւո­ղու­թեամբ կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­ցաք, Շնորհք Պատ­րիար­քի ձե­ռամբ։ Ձե­զի տրուե­ցաւ նախ փի­լոն, շուր­ջառ, պա­տա­րա­գա­ւո­րի հան­դեր­ձանք եւ սա­ղա­ւարտ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րէն յայտ­նի կ­ÿըլ­լար, թէ շար­քը հա­սած էր քա­հա­նա­յա­կան օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այդ շրջա­նին ժո­ղո­վուր­դին մէջ լռու­թիւն մը տի­րեց, պա­հը ե­կած էր ա­նուա­նա­կո­չու­թեան, բո­լորս ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէինք։ Հո­գե­լոյս Շնորհք Պատ­րիարք նախ մօ­տե­ցաւ Ձե­զի ու Ձեր ճա­կա­տը օ­ծեց Ս. Միւ­ռո­նով ու Ձեզ ա­նուա­նեց՝ Տէր Գա­րե­գին, որ պի­տի ներ­կա­յաց­նէիք հո­գե­լոյս Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նը։ Յա­ջորդ օ­ծա­կիցն ա­նուա­նեց՝ Տէր Խա­չա­տուր, յի­շեց­նե­լու հա­մար Ս. Խաչ դպրե­վան­քը ու եր­րոր­դը՝ Տէր Պսակ, որ պի­տի յի­շեց­նէր այս ժո­ղո­վուր­դին փա­փաք­նե­րուն եւ իղ­ձե­րուն պսա­կու­մը։ Յան­կարծ փոք­րիկ դպիր­ներ սպի­տակ ա­ղաւ­նի­ներ ար­ձա­կե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­ղաւ­նի­նե­րէն մին ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ շրջե­լէ վերջ ե­կաւ թա­ռե­ցաւ Ձեր գլխուն վե­րեւ։ Ան­բա­ցատ­րե­լի տե­սա­րան մըն էր, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու աչ­քե­րէն ար­ցունք կը հո­սէր, կ­ÿը­սէին, թէ Քրիս­տո­սի հո­գին ա­ղաւ­նիի կեր­պա­րան­քով ի­ջած էր Ձեր վրայ։

Ա­յո՛ Սրբա­զան Հայր, մենք Ձե­զի հետ միա­սին ապ­րե­ցանք այդ օ­րե­րը։ Չեմ գի­տեր մե­զի հետ միա­սին այս պա­հե­րը ապ­րող քա­նի՞ հո­գի պի­տի վեր­յի­շէ այս բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու մաս­նա­ւո­րա­բար այդ ե­րա­նե­լի օ­րե­րու ան­բա­ցատ­րե­լի եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Այդ օ­րե­րէն սկսեալ Ձեր լու­րե­րուն հե­տե­ւե­ցանք մեր մա­մու­լին մի­ջո­ցաւ։ Ո­րով­հե­տեւ Դուք Ձեր ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ար­տա­սահ­ման մեկ­նած էիք։ Ա­ւե­լի վերջ ե­պիս­կո­պոս օ­ծուե­ցած ու դար­ձաք Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը։

Այս պաշ­տօ­նը բծախնդ­րօ­րէն կը վա­րէք եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, ա­տեն ա­տեն ան­շուշտ այ­ցե­լե­լով Ձեր ծննդա­վայ­րը՝ Պո­լիս։ Այս օ­րե­րուն եւս կը տես­նենք Ձեզ այս պատ­մա­կան քա­ղա­քին մէջ, Ձեր սի­րե­լի­նե­րուն հետ հա­մախմ­բուած։

Ա­յո՛, Դուք այս օ­րե­րուն կը գտնուիք Պո­լիս, բա­ցա­ռիկ պա­տե­հու­թեամբ մը, որ Ձեր ար­դար ի­րա­ւունքն է դառ­նալ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան Ա­թո­ռի թեկ­նա­ծու։ Քա­նի որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Մես­րոպ Պատ­րիար­քի ան­հանգս­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան Ա­թո­ռը կ­ÿապ­րէր խառ­նակ օ­րեր։

Մես­րոպ Պատ­րիար­քի հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րուած օ­րե­րէն աս­դին կա­րե­լի է ը­սել, թէ բա­ւա­կա­նա­չափ սխալ կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուե­ցան ո՛չ միայն հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու, այլ նաեւ աշ­խար­հա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու կող­մէ ու այս դժուա­րու­թիւն­նե­րը բազ­մա­պատ­կուե­լով վե­րա­ծուե­ցան թնճու­կի։ Թէեւ Դուք այս թնճու­կի սկզբնա­կան շրջա­նին մաս չէիք կազ­մած ու դեր մը չու­նե­ցաք, բայց դէպ­քե­րու յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան ե­թէ նա­յինք, նոյ­նիսկ անզ­գա­լա­բար ան­գամ ըլ­լայ, Դուք ալ հե­տա­գա­յին մաս կազ­մե­ցիք այս թնճու­կին։

Ձեր կրտսեր եղ­բայ­րը իր հո­գե­կան խառ­նուած­քին ու թե­րեւս կու­սակ­րօ­նու­թեան հո­գե­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք, ան­տե­ղի ու ա­նի­մաստ պոռթ­կում մը ու­նե­ցաւ իր ե­րէց եղ­բօ­րը նկատ­մամբ ու յա­ռաջ բե­րաւ ա­նար­դար աղ­մուկ մը, որ ան­վա­յել ըն­թացք մըն էր բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը հա­մար։ Դուք ալ այս աղ­մու­կին մաս կազ­մե­լով փո­խա­նակ իբ­րեւ ե­րէց իշ­խա­նա­ւոր, Ձեր մի­ջեւ հա­սա­րա­կաց եզր մը գտնե­լու եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տի­ւը բարձր պա­հե­լու, այս մա­սին օգ­նու­թիւ­նը խնդրե­ցիք Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Ձեզ իր քով հրա­ւի­րե­լով անզ­գա­լա­բար իր յոր­դոր­նե­րը հա­ղոր­դեց, բնաւ նկա­տի չառ­նե­լով Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան ընտ­րու­թեան նա­խըն­թաց­նե­րը ու նաեւ Պե­տու­թեան հետ հա­մայն­քին ու Պատ­րիար­քա­րա­նին փո­խա­դարձ փա­փուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Ա­ւե­լի պարզ ձե­ւով մը ը­սել կ­ÿու­զեմ, թէ 1960-ին Պե­տու­թիւ­նը մին­չեւ այս թուա­կա­նը մա­սամբ գոր­ծադ­րե­լի Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ ջնջեց։ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը միա­կող­մա­նի ջնջուած ըլ­լա­լով հան­դերձ այ­սօր եւս կը գոր­ծա­ծենք «մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րը» բա­ցատ­րու­թիւ­նը. Örf ve adet թրքե­րէն ա­սու­թեամբ։ Այդ թուա­կա­նէն վերջ կա­տա­րե­ցինք ե­րեք պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Շնորհք Պատ­րիար­­քի (1961), Գա­րե­գին Պատ­րիար­քի (1990) եւ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի (1998) ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Այս ե­րեք պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­ներն ալ ու­զե­ցինք կա­տա­րել մեր ջնջուած «ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու» հա­մա­ձայն։

Այդ ե­րեք ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ալ Պե­տու­թիւ­նը բա­րեա­ցա­կամ գտնուե­ցաւ եւ կամ կրնանք ը­սել, թէ նկա­տի առ­նե­լով, որ որ­չափ որ ալ նոր կա­նո­նա­գիր մը չէ պատ­րաս­տուած, Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի ո­րո­շու­մով ու «մէկ ան­գա­մուան հա­մար» ա­սու­թեամբ յա­ջոր­դա­բար ար­տօ­նու­թիւն տուաւ։ Այս պայ­ման­նե­րու տակ կա­տա­րուած ե­ղան ե­րեք պատ­րիարք­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւելց­նենք, թէ այս ե­րեք պատ­րիարք­նե­րու շրջա­նին ալ տե­ղա­պահ ընտ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը խնդրոյ ա­ռար­կայ չե­ղաւ, քա­նի որ միշտ ու­նե­ցած էինք պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ մը։

Ե­թէ նա­յինք վեր­ջին տա­րի­նե­րու ու նաեւ մա­նա­ւանդ այ­սօ­րուան կա­ցու­թեան, պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը մտած է փա­կու­ղիի մը մէջ։

Ինչ­պէ՛ս։ Քա­նի որ Պե­տու­թեան կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած փո­խա­նորդ մը ու­նէինք, ին­չո՞ւ տե­ղա­պահ մը ընտ­րե­լու ո­րո­շում առ­նուե­ցաւ։ Այս ո­րո­շումն ալ նա­խորդ սխալ ո­րո­շում­նե­րու շա­րա­նին մաս կազ­մած ե­ղաւ։ Ան­պա­տաս­խա­նա­տու կամ ան­փորձ ան­ձեր յայ­տա­րա­րե­ցին, թէ Պե­տու­թիւ­նը մեր ընտ­րու­թիւն­նե­րուն խառ-նըւե­լու ի­րա­ւունք չու­նի։ Այս­տեղ կար ըմբռ­նու­մի պա­կաս մը, որ նկա­տե­լի էր եւ կը կա­րօ­տէր Ը­սենք, թէ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թե­նէն վերջ, պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ա­զատ են ի­րենց քուէ­նե­րը կեդ­րո­նաց­նե­լու պատ­րիար­քա­կան ոե­ւէ թեկ­նա­ծուի մը, այս կէ­տին մէջ Պե­տու­թիւ­նը խառ­նուե­լու ո­րե­ւէ ի­րա­ւունք չու­նի, հա­մա­ձայն ենք։ Բայց, Պե­տու­թիւ­նը ի­րա­ւունք ու­նի պատ­­գա­մա­ւոր­նե­րու ընտ­րու­թեան առ­թիւ ընտ­րու­թեան կա­նո­նագ­րի բո­լոր յօ­դուած­նե­րուն ան­թե­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու։ Ընտ­րու­թեան հսկե­լու, ա­պա­հո­վե­լու, որ ժո­ղո­վուր­դը խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մէջ գոր­ծա­ծէ իր քուէ­նե­րը։ Պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի ա­նի­րա­ւու­թիւն եւ խար­դա­խու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու եւ ընտ­րող­նե­րու բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս պաշտ­պա­նե­լու եւ վեր­ջա­պէս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժո­ղովր­դա­վար սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ կա­տա­րու­մը ի­րա­գոր­ծե­լու։ Այս բո­լո­րը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար է, որ դի­մում կը կա­տա­րուի պե­տու­թեան, որ­պէս­զի ըն­թացք տայ ու պաշ­տօ­նի կո­չէ ա­պա­հո­վու­թեան հա­մա­կար­գը եւ գոր­ծադ­րուի կա­նո­նագ­րի ան­թե­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­կա­նու­թիւն ստա­նան ընտ­րուող­նե­րը։

Քիչ ա­ռաջ ը­սի, թէ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը չէր տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թիւ­նը։ Ա­յո, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ի­րենց քուէ­նե­րը Ձե­զի կեդ­րո­նա­ցու­ցին, բայց ի՞նչ ի­մաստ ու­նէին այդ քուէ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի չար­ժա­նա­նա­յին վա­ւե­րա­ցու­մի։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն ընտ­րու­թիւ­նը չե­ղեալ նկա­տուե­ցաւ Պե­տու­թեան կող­մէ։ Այս պա­րա­գա­յին Ձե­զի հրա­ժա­րե­լու հրա­ւի­րելն ալ ա­նի­մաստ է։ Ե­թէ մէ­կու մը պաշ­տօ­նը վա­ւե­րա­կա­նու­թեան չար­ժա­նա­նար, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ի­րեն ը­սել, թէ «հրա­ժա­րէ»։ Յե­տոյ Պե­տու­թեան աչ­քին առ­ջեւ ինչ ի­մաստ ու­նէին «փո­խա­նորդ» կամ «տե­ղա­պահ» ա­նուն­նե­րը. եր­կու­քին ալ պաշ­տօ­նը նոյ­նը պի­տի ըլ­լար։ Այդ էր դի­մում մը կա­տա­րել Կու­սա­կա­լու­թեան, որ­պէս­զի ար­տօ­նուի ձեռ­նար­կել պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Այս­քան։ Ե­թէ Դուք պե­տու­թեան կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած չէք, ինչ­պէ՞ս կրնաք նա­մակ կամ պաշ­տօ­նա­կան դի­մում մը կա­տա­րել Պե­տու­թեան եւ սպա­սել, թէ Ձեզ խօ­սա­կից ըն­դու­նի եւ պա­տաս­խա­նէ։ Այն­պէս որ Ձեր ա­նուան առ­ջեւ «տե­ղա­պահ» բա­ռի գոր­ծա­ծու­թիւնն ան­գամ ա­նի­մաստ է։

Հար­կաւ որ Պե­տու­թիւ­նը ու­նէր շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր հար­ցեր, պի­տի չու­զէր զբա­ղիլ այս­պի­սի քաշք­շուք­նե­րով, կամ բա­ռա­կան ա­նուա­նում­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ Պե­տու­թեան հա­մա­կար­գը մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն ա­ռա­ւել ճիգ կը թա­փէ յաղ­թա­կան դուրս գա­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան հան­րա­քուէէն։ Երկ­րի նա­խա­գա­հը ար­դէն յայտ­նած էր Պե­տու­թեան տրա­մադ­րու­թիւ­նը, պէտք չէ՞ր որ քա­նի ինն տա­րի սպա­սեր ենք, սպա­սէինք քա­նի մը ա­միս եւս։

Այս բո­լո­րէն վերջ, իբ­րեւ Ձեր կրտսեր եղ­բայ­րը, որ­դիա­բար Ձե­զի կը թե­լադ­րեմ, որ վե­րա­դառ­նաք Ձեր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան պաշ­տօ­նին ու սպա­սէք մին­չեւ որ յայտ­նի դառ­նայ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան թուա­կա­նը ու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­պա վե­րա­դար­ձէք Պո­լիս եւ Ձեր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը պա­հե­ցէք, ինչ որ ձեր ար­դար ի­րա­ւունքն է։

Երկ­րորդ՝ ը­սեմ, թէ բնաւ մի՛ տա­րուիք ու մի՛ մտնէք Ձեր կրտսեր եղ­բօ­րը ի ներ­քուստ սա­կար­կու­թիւն­նե­րուն ու ծու­ղա­կին մէջ, Դուք ու­նիք տի­պար հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը ա­նունն ու կե­ցուած­քը։ Ձեր ե­տին ու­նիք Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կու­թեան յի­սուն եր­կար տա­րի­նե­րու ան­ցեա­լը։ Այդ ծա­ռա­յու­թեան բե­րած պա­տիւն ու սէ­րը ու յար­գան­քի պար­տադ­րու­թիւ­նը Ձեր շուր­ջին­նե­րուն։

Որ­դիա­կան ակ­նա­ծա­նօք՝

ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017