ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հա­ճե­լի հա­ւա­քոյթ մը։ Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ծնո­ղաց միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ, վար­ժա­րա­նի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ ներ­կե­ցին հաւ­կիթ­ներ ու պատ­րաս­տե­ցին խմո­րե­ղէն­ներ։ Ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ծնո­ղաց միու­թեան ան­դամ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ, գոգ­նոց­ներ հա­գուած ա­շա­կերտ­նե­րը միաս­նա­բար ար­տադ­րե­ցին Ս. Զատ­կի ա­ւան­դա­կան ու­տես­տե­ղէն­նե­րը։ Բո­լո­րին հա­մար հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն մը ե­ղաւ այս մէ­կը։ Ծնո­ղաց միու­թեան ան­դամ­ներն ալ բաժ­նե­ցին տղոց տօ­նա­կան շրջա­նի ու­րա­խու­թիւ­նը։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017