ՀԱՒԱՏԱՆՔ ՈՒ ԱՊԱՒԻՆԻՆՔ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ

«Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք,
ով որ կը հաւատայ ինծի,
թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի»
(Յովհաննէս, 11.25-26)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,

Զատիկ է այսօր։ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը։ Տաղաւար մը՝ որ տօնակատարութիւնն է Աստուածային յաղթանակին, տարուած ծանր քարի ետեւի վիմափոր գերեզմանի մահաբոյր ներկայութեան դէմ։ Տաղաւար մը՝ որ իր խորքին մէջ կը պարունակէ անմահութեան գաղափարը, որով կը յայտարարուէր ոչնչացումը ոմանց այն գաղափարին, ըստ որում գերեզմանը վերջակէտն էր կեանքին։ Տաղաւար մը՝ որուն ընդերքէն կը բղխի լոյսը կենդանութեան։ Որքա՜ն յուսադրիչ է Սուրբ Յարութիւնը, իր կեանքի բուրմունքով։ Անոր համար կը հրաւիրուինք Սուրբ Յարութեան աւետիսով ուրախանալու, ցնծալու, ինչ որ ալ ըլլան մեր այժմու ապրած օրերու պայմանները։

Երբ Մեծ պահոց վերջին ուրբաթի Խաղաղական ժամերգութեամբ իր աւարտին կը հասնի Մեծ պահքը, կը բացուի նոր շրջանի մը վարագոյրը, որ կարեւոր է այնքան՝ որքան Մեծ պահքը, որուն առաքելութիւնն է մեզ պատրաստել այս նուիրական շաբաթին։ Այս նոր շրջանը կը բացուի յարութեան հրաշքով ու կը հասնի Քրիստոսի աննախընթաց Սուրբ Յարութեան աւետիսին։

Աւագ Շաբթուան սեմին գործուած առաջին հրաշքը չորեքօրեայ մահացած Ղազարոսի յարութիւնն էր, որ իրագործուեցաւ Քրիստոսի «Ղազարո՛ս, ելի՛ր, դո՛ւրս եկուր» (Յովհաննէս, 11.43) հրամայականով։ Քրիստոս, մահկանացու ծնած եւ իր մահկանացուն կնքած Ղազարոսի յարութեան այս հրաշքը գործեց գերեզմանին շուրջ հաւաքուած ժողովուրդին համար, որպէսզի «հաւատային թէ Հօր Աստուծոյ կողմէ ղրկուած էր» (Յովհաննէս, 11.42)։ Այս հրաշքի իրագործումէն առաջ կը լսենք Քրիստոսի խօսքը. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք, ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի»։

Հին ուխտի երկու կարեւոր դէմքերը՝ Ենովքն ու Եղիան, յաչս Աստուծոյ սրբակենցաղ անձեր էին, ու անոնք երկինք փոխադրուեցան առանց երկրի վրայ մահ ճաշակելու։ Անոնք եւս մահկանացու ծնած էին եւ մեր ժողովրդականացած «Ի վերինն Երուսաղէմ» երգի բառերով կը ներկայացուին որպէս «Եդեմի դրախտին մէջ արժանաւորապէս լուսափայլած ծերացած աղաւնիներ»։ Ենովք՝ «հաճելի էր Աստուծոյ եւ վերցուեցաւ, որպէսզի մահը չճաշակէ եւ ան ոչ մէկ տեղ գտնուեցաւ, քանի որ Աստուած տարած էր զայն» (Եբրայեցիս, 11.5)։ Եղիա, որ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ վառուած, երկինքէն կրակ տեղացուցած էր իր աղօթքովը, «երբ Եղիսէի հետ խօսելով կը քալէր, հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ» …. Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան» (Դ. Թագաւորութեանց, 2.11, 17)։

Սուրբ Աւետարանի եւ Հին կտակարանի այս կարեւոր դէպքերը յիշեցինք, ընդգծելով Սուրբ Կոյս Մարիամի ուղղեալ հրեշտակաւանդ խօսքը թէ՝ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկար» (Ղուկաս, 1.37)։ Ուստի Աւագ շաբթուան գագաթնակէտի Սուրբ Յարութեան աննախընթաց հրաշքին կը մօտենանք այս հաւատքով։

Աստուած, կամեցած էր փրկել մարդը իր անկեալ վիճակէն եւ երբ «ժամանակը իր լրումին հասաւ՝ ղրկեց իր Որդին՝ Քրիստոսը, որ ծնաւ կնոջմէ եւ մտաւ օրէնքի տակ, գնելու համար զանոնք՝ որ օրէնքի տակ էին, որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք» (Գաղատացիս, 4.4-5)։ Սկսելով Բեթղեհէմէն, անցնելով՝ Նազարէթէն, Յորդանանէն, անապատէն, Գալիլիայէն, Երուսաղէմէն եւ այլ վայրերէն, գթութեամբ մէկտեղուելով՝ ժողովուրդի բազմութեան հետ, «որոնք յոգնած էին ու ցրուած, նման ոչխարներու, որոնք հովիւ չունէին» (Մատթէոս, 9.36), քարոզելով այնպէս՝ «որ ոչ մէկ մարդ խօսած ըլլար Իրեն նման» (Յովհաննէս, 46), գործելով՝ հրաշքներ «ցոյց տալով թէ՝ կը կատարէր Հօրը գործերը, յայտարարելով թէ՝ Հայրը Իր մէջն էր եւ Ինք՝ Հօր մէջ» (Յովհաննէս, 10.38), անցնելով՝ Վերնատունէն, Խաչի Ճանապարհէն, մատուցելով՝ Գողգոթայի անկրկնելի Պատարագը, դրուելով՝ վիմափոր կոյս գերեզմանի մէջ, Քրիստոս ի վերջոյ հասաւ մեռելներէն յարութիւն առնելու հրաշալի պահուն, որով կը յայտարարուէր թէ՝ «Ան ողջ էր եւ ողջը կարելի չէր մեռելներու մէջ փնտռել» (Ղուկաս, 24.6)։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Ս. Զատկի մասին իր խորհդածութեան մէջ կը գրէ. «Կեանքի իրականութիւնը, բուսականէն մինչեւ զգացականը, բանաւորէն մինչեւ հոգեւորը կը կենայ հրաշք ըսուած երեւոյթին վրայ։ Յիսուսի յարութիւնը, եւ յետ յարութեան կեանքն ալ կը մտնէ այլեւս հրաշալիի ոլորտին մէջ»։

Յարութեան աննախընթաց հրաշքին մասին քարոզեց Պետրոս առաքեալ ըսելով. «… Աստուած, Յիսուս Նազովրեցին ձեզի ներկայացուց զօրութեամբ, նշաններով, եւ զարմանալի գործերով, զորս Աստուած անոր միջոցաւ ըրաւ ձեր մէջ. …Աստուծոյ սահմանած խորհուրդով եւ կանխագիտութեամբ մատնելով զայն՝ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամեցիք եւ սպաննեցիք. Աստուած յարութիւն տուաւ անոր՝ լուծելով մահուան կապանքները, քանի որ կարելի չէր որ ան բռնուէր մահէն» (Հմմտ. Գործք, 2.22-24)։

Նոյն ուղղղութեամբ կը լսենք Հեթանոսաց Առաքեալ Պօղոսի վկայութիւնը. «…Աստուած մեռելներէն յարութիւն տուաւ Անոր. Ան շատ երեւցաւ անոնց, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելած էին եւ որոնք հիմա ալ իր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ» (Գործք, 13.30-31)։

Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը ոմանց համար անընդունելի, ոմանց համար անհաւատալի ըլլալ թուեցաւ։ Սուրբ Յարութեան նկատմամբ թերահաւատ մերձեցում մը կը նշանակէ մոռնալ Քրիտսոսի ո՞վ ըլլալը։ Իր երկու առաքեալներուն՝ Նաթանայէլի «Ռաբբի, Դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը» (Յովհաննէս, 1.49) եւ Պետրոսի «Դուն ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթէոս, 16.16) վկայութիւնները կու գան լաւագոյնս ներկայացնել, թէ ո՞վ էր Քրիստոս։ Այս վկայութիւնները եղած են Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ընթացքին։

Անոնց առընթեր կայ վկայութիւն մը եւս, որ կը պատկանի իրապաշտութեամբը ծանօթ՝ Թովմաս առաքեալի։ Առաքեալը կը մերժէր հաւատալ Քրիստոսի յարութեան, մինչեւ որ չշօշափէր ձեռքերուն վրայի գամերուն, ինչպէս նաեւ տիգախոց կողին վէրքերու տեղերը։ Երբ յարուցեալ Քրիստոս գոհացում կու տայ առաքեալի փափաքին, կը լսուի գոչում մը. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ» (Յովհաննէս, 20.28)։ Թէեւ Թովմաս առաքեալ տեսած ըլլալով բաւարարուած էր, սակայն անոնք որոնք ապագային պիտի հաւատային առանց տեսած ըլլալու, յարուցեալ Քրիստոսէ կանխաւ ստացան իրենց գնահատանքը. «Երանի անոնց որ չեն տեսած ու կը հաւատան» (Յովհաննէս, 20.29)։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՍԵՌԵԼՈՑ,

Երբ կ՚ողջունենք զիրար յարութեան աւետիսի բառերով՝ յիշենք, թէ յարութեան ներգործող զօրութիւնը կը շարունակէ մնալ եւ յաւէտ պիտի մնայ որպէս մեր հաւատքի կեանքի սիւներէն մին։ Բաւ է որ այս ճշմարտութիւնը իր լիութեամբը անջնջելի մնայ մեր մտքերուն մէջ։ Եթէ նոյնիսկ Քրիստոսի նկատմամբ մեր յիշողութիւնը տկարացած եւ կամ մեր մարդկային տկարութիւններու բերումով աղօտացած ըլլայ, այս տաղաւարը առիթ կ՚ընծայէ որ յիշողութիւններ արթննան ու թարմանան։ Որքա՜ն ցանկալի է, որ այս արթնութիւնը մնայ մշտաթարմ ու ամրանալով վառ մնայ նորոգուելու տրամադրութիւնը Յարուցեալ Փրկչի կենսապարգեւ Սուրբ Յարութեան Զօրութեան։

Ծանօթ վարակի պատճառաւ երբ առողջապահական նկատումներով հարկադրուած ենք մնալ մեր բնակարաններուն մէջ, պէտք է խոստովանիլ, թէ անօրինակ այս մեկուսացումը բոլորիս համար կը յայտնուի իր նեղացուցիչ հանգամանքով։ Երբ պարտադրուած այս վիճակին յակամայս կը համակերպինք, կը յիշենք, թէ յարութեան տանող ճանապարհը անցած էր Գողգոթայէն։ Կը յիշենք նաեւ, իրենց վարդապետին մարմինը անուշահոտ իւղերով օծելու առաջադրութեամբ ճամբայ ելած իւղաբեր կիները, որոնք կը մտատանջուէին թէ գերեզմանի շատ մեծ քարը ո՞վ պիտի գլորէր իրենց համար։ Սակայն այս բոլոր նեղութիւններն ու տառապանքները, մտանաջութիւնները յօդս ցնդեցան երբ ծագեցաւ Յարութեան Լոյսը։

Մերօրեայ ապրած նեղութիւնները եւս ատակ են վերջանալու, նախ կամօքն Աստուծոյ, ապա մեր աղօթքներով ու Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեամբ գործող բժիշկներու եւ գիտաշխատողներու։ Մեր յոյսն է, հաւատքն է, որ մենք առիթը պիտի ունենանք ողջունելու երանելի արշալոյսին ծագումը։ Կը կրկնենք. Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը կեանք կը բուրէ։ Չտրտմինք, թէ Աւագ Շաբթուան արարողութեանց չենք կրցած մասնակցիլ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներուն մէջ։ Այլ յիշենք, որ իւրաքանչիւր տուն եկեղեցիի բջիջ մըն է։ Ինչպէս որ եկեղեցիները կը շէնցնենք մեր ներկայութեամբ եւ արարողութեանց մասնակցութեամբ, այնպէս ալ ուրախութեամբ համակուինք ու Քրիստոնէական հաւատքի լոյսով լուսաւորենք մեր բնակարանները։ Չարտօնենք որ մեր տուները անձայնութեամբ նմանին անխօս տապաններու։ Մեր կարելին ընենք ապրելու համար սուրբ տնօրինութեանց յիշատակութեան հոգեւոր ուրախութիւնը։ Սուրբ գրական ընթերցումներն ու մեր աղօթքները մէկ նպատակի պիտի ծառայեն. յիշել Քրիստոսի սուրբ Տնօրինութիւնները, ապա մեզ պահել մխիթարական ու շինիչ մթնոլորտի մէջ։

Չարտօնենք որ այս բացասական շրջանը դուռ բանայ, որ մեր սրտերը քարանան։ Չարտօնենք որ բացասական կեանքի պայմանները քարէ կափարիչներու վերածուին։ Գիտնանք, որ քարէ կափարիչները արգելք կը հանդիսանան Քրիստոսի լոյսին մեր սրտերէն ներս թափանցման։ Ապաւինինք Սուրբ Հոգիի զօրութեան եւ իմաստութեան, որպէսզի մնանք մսեղէն սրտերու տէր անձեր։

Յատուկ ուշադրութիւն դարձնենք մեր սիրասուն զաւակներուն, որպէսզի իրենց համար եւս պարտադրուած մեկուսացման մթնոլորտը որպէս ժխտական երեւոյթ չընկալեն։ Առիթ ընծայենք, որ օրուան տօնական մթնոլորտէն կաթիլներ ստանան, որպէսզի մեր բնակարաններու երդիքներուն ներքեւ անհաղորդ չմնան իրենց պապերու հաւատքին։

Սուրբ Յարութեան տօնը ողջագուրուելու եւ գիրկընդխառնուելու տօն է։ Այս տարի մենք զիրար պիտի ողջունենք հեռախօսով եւ կամ այլ հեռակայ միջոցներով։ Կարելիութիւնը պիտի չունենանք ձեռնուելու եւ զիրար ողջագուրելու։ Սակայն մեր իրարու նկատմամբ ունեցած սիրոյ եւ յարգանքի զգացումները պիտի թաղենք մեր սրտերուն մէջ, Տիրոջ օրհնեալ կամքին պատեհ դատած ժամանակին ջերմագինս պիտի փոխանցենք իրենց տէրերուն։ Մանաւանդ պիտի ակնկալենք այն երջանիկ օրը, երբ մեր եկեղեցիներուն մէջ մատուցանելի Ս. Պատարագներուն պիտի մասնակցինք, աղօթելով առաջի Անմահ Գառինն Աստուծոյ, փոխանցելով սիրոյ ողջոյնը ու հաղորդուելով Քրիստոսի պատուական Մարմնոյն եւ Արեան հետ։

Սուրբ Յարութեան աւետիսը իր լիութեամբը բնակի մեր սրտերէն ներս, եւ մենք մնանք Յարուցեալ Փրկչի օրհնութեամբ։ Աստուած օրհնէ մեր ընտանեկան յարկերը եւ հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձանքներէ ու դժբախտ պատահարներէ։

Տիրոջ շնորհքը եւ ողորմութիւնը մեզի՝ բոլորիս հետ ըլլայ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն.

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ապրիլ 2020, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020