ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Քրիստոնեայ աշխարհը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը այս տարի մեծ անակնկալով մը կը դիմաւորէ, քորոնա կոչուած տարօրինակ ախտի մը հետեւանքով։

Բոլոր աղօթատեղիներու նման եկեղեցիներ եւս թէեւ իրենց դռները բաց, բայց կոչ ուղղած են իրենց հաւատացեալներուն, որպէսզի տուները մնան եւ շարունակեն աղօթել բարձրեալն Աստուծոյ՝ մանաւանդ այս սուրբ օրերուն։

Մարդկութիւնը՝ ո՛ր ազգի ալ պատկանի, ո՛ր երկրի մէջ ալ ապրի, իր հաւատքը ի՛նչ ալ ըլլայ, հիւանդութենէ վարակուածներ դարմանումի տակ կը գտնուին, իսկ վարակուելու վախը կը տիրէ բոլորի սրտերուն մէջ։

Ուրեմն հոգեւոր ուրախութիւնը, անտարակոյս, քայլ մը առջեւ տեղ պիտի առնէ տօնական ուրախութենէն, նաեւ մեր բոլորը մտածելու պիտի մղէ այս արհաւիրքին մասին, զոր մարդկութիւնը կ՚ապրի։

Այսօր մարդկութիւնը իր ուժն ու կարելիութիւնը կը վատնէ այս ախտի ոչնչացման համար ու ամէն բան մէկ կողմ թողած՝ խորապէս կը խորհի իր լոկ մարդ ըլլալու հանգամանքը։

Պատերազմները մասամբ դադրած, նիւթականը գոնէ շատ մեծ զանգուածներու համար անիմաստ դարձած, ոչ միայն սովորական մարդիկ, այլ նաեւ հզօր պետութեան ղեկավարներ իսկ վարակուած այս չարահամբաւ ժահրէն, միայն բժշկութեան կը կարօտին։

Բոլոր մեծ ու փոքր առեւտրական ընկերութիւններ կանգ առած, օդանաւեր երկինքը թողած իրենց բուն տէրերուն՝ թռչուններուն, կարծես աշխարհ անձայնացած է, բոլոր երկիրներու մէջ փողոցներու մէջ մարդիկ չեն թափառիր։

Իբրեւ քրիստոնեայ անհատ, նուաստս, չեմ կրնար ինձմէ հեռու պահել այն մտածումը, թէ միթէ՞ աշխարհ վարժանք կը կատարէ Քրիստոսի գալստեան եւ կը զգուշացնէ մարդիկը։ Վերջապէս միակ կարեւորը եւ էականը կեանքն է, որ իր արժէքն ու կարեւորութիւնը կը յիշեցնէ մարդոց։

Յիսուսի այն խօսքը աւելի զօրաւոր կը հնչէ մեր ամէնուն ականջին. «Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ»։

Անշուշտ Աստուծոյ հրամանով եւ բժիշկ եւ գիտնականներու օգնութեամբ պիտի անցնի այս փորձութիւնն ալ եւ մարդկութիւնը մոռնալով այս պատահարը եւս, պիտի շարունակէ իրեն առօրեայ կեանքը, ինչպէս Ս․ Գիրքի ու աշխարհի պատմութեան մէջ նման ահռելի դէպքեր ապրուեցան, բայց քիչերու կողմէ կը յիշուին այսօր։

Ուրեմն ըլլանք ուրախ կամ տխուր, պէտք չէ մոռնանք, որ տօնական օրերը լոկ զուարճանալու օրեր չեն, այլ անոր իմաստին ու արժէքին թափանցելու օրեր են։ Այս պատուէրը մեզի Աստուած է, որ կու տայ Հին ուխտի մէջ. «Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն»։ (Ելից12։14)

Ուրեմն, Աստուած ինչո՞ւ տուած է այս պատուէրը եւ ի՞նչ պիտի տօնէին։

Աստուած կ՚ուզէր, որ իբրեւ ազգ չմոռնային Իր գործերը եւ փոխանցէին սերունդէ սերունդ։ Ասոնցմէ առաջինը Մովսէսի առաջնորդութեամբ Իսրայէլի ժողովուրդի Եգիպտոսէն Կարմիր ծովէն անցնիլն էր, որով ազատեցան փարաւոնի գերութենէ։ Այս մէկը իրենց Զատիկն էր։

Այսօր մենք նոյն օրինակին հետեւելով ոչ միայն աշխարհիկ թշնամիէ մը փրկութիւնը կը տօնենք, այլեւ՝ սատանայի գերութենէ փրկութիւնը, որ Յիսուս Խաչի մահ-ւամբ շնորհեց մեզի։

Այս ալ մեր Զատիկն է։

Հին ուխտը մեզի համար Յիսուսի առաջնորդող օրինակ մը կը հանդիսանայ, որով կը տօնենք անոր պատկանող ամէն բան։

«Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ Շաբաթներու խնդիրով, որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է»։ (Կող 2։17)

«Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը»։ (Եբր․10։1)

Աւագ հինգշաբթիի իմ գրութեան մէջ անդրադարձրած էին, թէ Յիսուսի մատնութեան գիշերը Աստուծոյ եւ սատանայի ծրագիրները իրար հանդիպած էին։ Յիսուսը դատելու, տանջելու եւ խաչելու ժամանակ սատանայի գործակիցներ զայն տկար կը տեսնէին, իրենց համար ողորմութիւնը տկարութեան, իսկ ուժ գործածել ու իշխել հզօրութեան նշան էր։ Այս պատճառով Պիղատոս կ՚ըսէր. քեզ մահուան դատապարտելու կամ արձակելու իշխանութիւն ունիմ։ Նոյն միտքին կը ծառայէր աւազակներէն մէկը ու կ՚ըսէր. եթէ Քրիստոս ես, փրկէ քեզ եւ մեզ։

Խաչուիլը, զոհուիլը այսօր եւս տկարութիւն կը համարուի։

«Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է»։ (Ա Կորնթ 1։25)

Քրիստոս մարդոց տկարութիւն համարածը իրականացուց. խաչուեցաւ, թաղուեցաւ ու երրորդ օրը Յարութիւն առաւ Աստուածային զօրութեամբ։

Երբ աշակերտներ ու կիներ շաբթուան առաջին օրը գերեզման եկան ու պարապ գտան զայն, զարմանքի մէջ էին։ Հակառակ որ Յիսուս քանիցս ըսած էր իրենց, թէ այս բաները պիտի պատահէին, բայց անոնք պատահածները տեսնելով հանդերձ չէին ըմբռնած։ Իմաստ չէին կրնար տալ, երբ հրեշտակներ իրենց կ՚ըսէին, թէ ինչու կենդանին մեռեալներու մէջ կը փնտռէք, այստեղ չէ այլ յարութիւն առաւ։

Ուրեմն Ինչ պէտք է հասկնալ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ըսելու ատեն, երբ աշակերտներ իսկ զարմանքի մէջ էին, մանաւանդ որ Յիսուսի բոլոր ապրումներուն ականատեսները եղած էին, բայց եւ այնպէս իրարու հետ այս բաները զարմանքով կը խօսէին։

Յարութեան օրը, աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը կ՚երթային գիւղ մը, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաուս էր։ Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։ (Ղուկ 24։14)

Այդ պահուն Յարուցեալ Յիսուս կ՚երեւի անոնց ու կը հարցնէ. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։ (Ղուկ 24։15)

Անոնք կը պատասխանեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ. ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։ Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամէնուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։ Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին, թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ «Անիկա ողջ է»։ Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։ (Ղուկ 24։19-24)

Իրենց այս խօսքերուն վրայ Յիսուս կ՚ըսէ անոնց.

«Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան»։ (Ղուկ 24։25)

Եւ այս բաները հասկնան ըսելով իրենց միտքերը կը բանայ։

Ուրեմն Յարութեան իրականութիւնը հասկնալու համար մեզի կը վիճակի չորս գլխաւոր կէտեր.

Ասոնցմէ առաջինը՝ Ս․ Գիրքը լաւ գիտնալ է։ Մանաւանդ Յիսուսի մասին ըսուածները լաւ գիտնալու ենք, նաեւ փոխանակ թուլասիրտ ըլլալու՝ հաւատքով աղօթելու ենք, որպէսզի ինչպէս առաքեալներու՝ մեր միտքերն ալ բացուին Յիսուսի կողմէ։ «Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան. եւ ըսաւ անոնց.

«Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր»։ (Ղուկ 24։45-46)

Երկրորդ՝ հաւատացեալը Ապաշխարութիւն եւ մեղքերէ զղջում պէտք է ունենայ եւ լրջօրէն պէտք է Աստուծոյ հետեւի։

«Անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն կը քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած»։ (Ղուկ 24։46-47)

Երրորդ՝ այս իրականութիւնը հաւատացեալը իրեն պէտք չէ պահէ ու պէտք է բաժնէ իր շուրջը գտնուողներու, ընտանեկան պարագաներու, զաւակներու եւ այլն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւի Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ ուսուցման, քանի առաքեալներ փոխանցեցին մեզ, եւ մենք ալ այսպէս Անոնց խօսքերով ականատեսներ եղանք։

«Ու դուք էք այս բաներուն վկաները»։ (Ղուկ 24։48)

Եւ վերջապէս չորրորդ՝ նոյնպէս աղօթելու ենք, որպէսզի մխիթարիչը Ս․ Հոգին, զոր Աստուած խոստացաւ ղրկել՝ գայ ու մեզ զօրացնէ եւ մենք եւս ստանանք առաքեալներու նման երկնային զօրութիւն։

«Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ»։ (Ղուկ 24։49)

Այսպէսով մենք եւս Քրիստոսի յարութեան ճշմարիտ վկաներ պիտի դառնանք եւ մեծ խանդավառութեամբ պիտի տօնենք Քրիստոսի Յարութիւնը՝ ըսելով.

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020