ՊԱՐԸՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԵՐՋԱՆԻԿ ՕՐԸ
Պարըն ընտանիքը երէկ ապրեցաւ երջանիկ ու յատկանշական օր մը։ Այսպէս, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի համակրելի երիտասարդ ամոլներէն Արմաշ-Անահիտա Պարըններու դստեր՝ փոքրիկն Արիանա Պարընի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Մկրտեալը թոռն է Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընի։ Իբր այդ, համայնքային շրջանակները լայն մասնակցութիւն բերին մկրտութեան եւ ուրախակից եղան Պարըն ընտանիքին։
Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հանդիսապետութեամբ Ս. Մկրտութեան խորհուրդը կատարեց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Րաֆֆի-Ժանէթ Էօզուզուն ամոլի կնքահայրութեամբ մկրտուեցաւ փոքրիկն Արիանա Պարըն, որ բոլոր ներկաներու անկեղծ սիրոյն առարկայ դարձաւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ մէջ։
Խորհրդակատարութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին համայնքային շրջանակները խնդակցեցան նորոգ մկրտեալի ընտանիքին։
Այս առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք մը կը մաղթենք փոքրիկն Արիանա Պարընին ու կը շնորհաւորենք իր ծնողքը՝ Արմաշ-Անահիտա Պարըն ամոլը։ Մեր խնդակցութիւնները՝ Վազգէն-Նուարդ Պարըն ամոլին, Կարինէ Սիմոնեանին, Սառա Պարընին եւ կնքահօր՝ Րաֆֆի-Ժանէթ Էօզուզուն ամոլին։