ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵԳԷԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԸ

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րան­նե­րու սա­նե­րը վեր­ջերս ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­գէա­կան։ 41 ա­շա­կերտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խում­բը գլխա­ւո­րե­ցին տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ կարգ մը ու­սու­ցիչ­ներ։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը ընդգր­կեց Ե­փե­սո­սը, Շի­րին­ճէն եւ Փա­մուք­քա­լէն։

Համ­բարձ­ման տօ­նի ար­ձա­կուր­դէն օգ­տուե­լով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս պտոյ­տը, ո­րու ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը հան­դի­սա­ցաւ Ե­փե­սոս։ Յա­ջոր­դա­բար տղա­քը ի­րենց քայ­լե­րը ուղ­ղե­ցին դէ­պի Շի­րին­ճէ եւ Փա­մուք­քա­լէ։ Այս պտոյ­տը իս­կա­պէս ան­մո­ռա­նա­լի դար­ձաւ տա­տեան­ցի­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։ Ա­նոնք ա­ռիթն ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րուն, հա­ղորդ դառ­նա­լու բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն եւ այդ բո­լո­րը՝ վա­յե­լե­լով ի­րա­րու ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Խում­բը վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձաւ Իս­թան­պուլ։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016