ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ հանդէսով մը նշեցին ընթերցման տօնը:
Դասարանը քանի որ կը կրէր «Աստղերու դասարան» անունը՝ բեմը եւ սրահը զարդարուած էին գոյնզգոյն աստղերով եւ աշակերտներու նկարներով: Սրահին մէջ ցուցադրուեցան նաեւ փոքրիկներու ձեռական աշխատութիւնները:
Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Տիկնանց կազմէն Վերժին Պիւքիւճեան եւ Նատիա Կարագեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանին հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչաց կազմը, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ:
Օրուան հանդիսավարներն էին երրորդ դասարանէն Լորին Ելէկէն եւ Նաիրա Թեմիր: Անոնք նախ բեմ հրաւիրեցին դասարանի ուսոցչուհի Վերա Հեմենկիւլը, որ մի առ մի բեմ հրաւիրեց աշակերտները: Ապա սաները խմբովին ողջունեցին հրաւիրեալները՝ ոտանաւորով եւ երգով մը: Հանդէսի տեւողութեան դասարանի աշակերտները շատ յաջող կերպով ներկայացուցին «Ծաղկաստան եւ խաւարաստան» անուն հայերէն թատերախաղը: Յայտագրին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ հայերէն, թրքերէն ոտանաւորներ, անգլերէն թատերակ մը, օրֆֆի ներկայացում եւ երգ, դաշնակի մեղեդիներ, տեսերիզի ցուցադրութիւններ եւ պարեր:
Այս յաջող հանդէսի պատրաստութեան ուսուցչուհի Վերա Հեմենկիւլին օժանդակած էին՝ Պուրճու Իլտէնիզ, Գարին Կիւր, Գարին Քիւչիւքօղլու, Թայիս Պուտաք, Սումրու Էքշիօղլու, Սելին Չավուշօղլու եւ Քրիստին Տելլալօղլու:
Գնահատական արտայայտութիւններով հանդէս եկան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Թալին Պէրպէրօղլու, նաեւ յանուն ծնողներու՝ Կազմէ Պալ։
Իր կարգին, Վերա Հեմենկիւլն ալ արտայայտեց սիրտի խօսք մը։ Ան մաղթեց, որ անոնք խոստմնալից աշակերտներ ըլլան եւ Արամեանի ոգին պարծանքով ապրեցնեն: Ուսուցչուհին շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցչին, տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին, որոնք վարժարանի կրթական կարիքները միշտ կը բարելաւեն եւ այսպէսով ալ կը քաջալերեն ուսուցիչները:
Հանդէսի աւարտին «Աստղերու դասարան»ը գնահատուեցաւ թէ՛ դասարանի ուսուցչուհիին եւ թէ տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներով, որոնք աշակերտներուն յանձնուեցան աւարտական՝ ութներորդ դասարանի սաներուն կողմէ: Տղաքը տիկնանց յանձնախումբին կողմէ ալ ստացան պարգեւներ։