ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ 13-ՐԴ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՀԱՍԱՒ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան­նե­րով հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ե­ռօ­րեայ այս մրցա­շար­քը ար­դէն 13-րդ ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ ար­ժա­նա­նա­լով մեր հա­մայն­քի ու­շադ­րու­թեան։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րըն­կալ դպրո­ցի սրա­հին մէջ։

Ներ­կայ էին Շիշ­լիի կրթա­կան տնօ­րէ­նու­թե­նէն Սա­լիհ Աքա, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, մրցա­շար­քի կա­ռա­վա­րիչ Սա­յաթ Թուղ­լա­ճը, գլխա­ւոր ի­րա­ւա­րար Մեհ­մէտ Էօ­նէյ եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ պար­գե­ւատր­ման փու­լը։ Մրցա­շար­քին մաս­նա­կից դպրո­ցա­կան խում­բե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան յու­շապ­նակ­ներ։ Ա­պա դափ­նե­կիր­նե­րը ստա­ցան ի­րենց բա­ժակ­ներն ու մե­տայլ­նե­րը։

Փոք­րե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Մէ­րա­մէթ­ճեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան եւ Մխի­թա­րեան։ Ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ ըստ սե­ղան­նե­րու կար­գի ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցան՝ Փա­ռէն Մե­ծա­տուր, Ա­ռէն Քիր­փի­քեան, Ա­րաս Փեք­ման եւ Լու­քաս Ճան Մըխ­ճը։

Աստ­ղե­րու դասա­ւոր­ման մէջ եւս ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Մէ­րա­մէթ­ճեան, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Է­սաեան եւ Ե­շիլ­գիւղ։ Ըստ սե­ղան­նե­րու կար­գի ան­հա­տա­կան գետ­նի վրայ ա­ռա­ջին չորս կար­գե­րը գրա­ւե­ցին՝ Մա­սիս Քա­րա, Ա­լէն Մխճեան, Տա­րօն Սի­րա­կա­նեան եւ Ար­տա Զիլ­ման։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին դպրո­ցի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քեց պար­տէ­զին մէջ, ուր բո­լո­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին դափ­նե­կիր­նե­րը, մաս­նա­կից­ներն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։

  

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017