ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ գործակից ընկերները երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին՝ Մայրերու օրուան ընդառաջ։ Անոնք իրենց յարգանքին ու գուրգուրանքին առարկայ դարձուցին մեր համայնքի երէց սերունդի իգական սեռի այն ներկայացուցիչները, որոնք մշտական բնակութիւն հաստատած են հիւանդանոցի ծերանոցէն ներս։ Մշտական բնակիչներն ալ մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ Մայրերու օրուան ընդառաջ այսպիսի վերաբերմունքի մը առարկայ դարձած ըլլալու համար։ Հաստատութեան պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ անոնք խորհրդանշական յուշանուէրներ ալ յանձնեցին մշտական բնակիչներուն։
Պիւյիւքտէրէի թաղականները առ ի քաղաքավարութիւն ներկայացան նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որ եւս գնահատեց անոնց մերձեցումը ու շեշտեց, որ մշտական բնակիչներու նկատմամբ զգայնութիւնը կը համարուի հիւանդանոցի անշեղ սկզբունքներէն մին։