ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ խան­դա­վառ օր մը։ Ու­սում­նա­կան տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս յա­նուն վար­ժա­րա­նի մրցանք­նե­րու մաս­նակ­ցած եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նուա­ճած պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցան Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ ան­գամ մը եւս խլե­ցին ա­նոնց ծա­փե­րը։ Ե­րէ­կի ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, տեղ­ւոյն Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։ Յայ­տա­գի­րը վա­րե­ցին Ար­տէն Թունչ եւ Լե­նա Նալ­պանտ­ղա­զա­րօ­ղու։ Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան երգ ու պա­րով, աս­մուն­քով ու նուա­գով, թա­տե­րակ­նե­րով ու նման այլ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով՝ հա­ճե­լի պա­հեր պար­գե­ւե­լով հան­դի­սա­տես­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հրա­ժեշտ առ­նե­լով ի­րենց վար­ժա­րա­նէն։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մարմ­նա­մար­զի, գրա­կա­նու­թեան, բա­ռա­խա­ղի, գի­տու­թեան, ճատ­րա­կի, մտա­խա­ղե­րու ո­լորտ­նե­րէ ներս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րած տղա­քը ու ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը բեմ ա­ռին։ Ա­նոնց յանձ­նուե­ցան նուէր­ներ՝ որ­պէս յա­ւե­լում ի­րենց ար­դէն իսկ նուա­ճած պար­գեւ­նե­րուն։ 2014-2015 տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի ըն­տա­նի­քը հպարտ էր իր սա­նե­րով։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015