ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ յետմիջօրէին վարժարանին հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան Հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:
Հանդէսին սկիզբը կատարուեցաւ համակարգիչի ցուցադրութիւն մը, որու ընթացքին բեմի մեծադիր պաստառին վրայ ցոլացան «մկնիկներ»ու դասարանի տղոց լուսանկարները, իրենց անուն եւ մականուններով: Պաստառի ցուցադրութեան յաջորդեց մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտներու՝ «մկնիկներ»ու հանդիսաւոր մուտքը հանդիսասրահէն ներս: Փոքրիկները պարեգօտներով եւ գդակներով տեղ գրաւեցին բեմին վրայ եւ այսպէս՝ պարզեցին գեղեցիկ տեսարան մը: Գալով բեմին՝ ան ալ ծայրէ ի ծայր զարդարուած էր մկնիկներու վերածուած մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտներու լուսանկարներով: Հանդէսը շարունակուեցաւ Հ. Գրիգոր Վ. Հէպոյեանի «Օ՜ն սանիկներ Մխիթարեան» քայլերգով, որ մեծ խանդավառութեամբ մեկնաբանուեցաւ փոքրիկներու կողմէ: Մանկապարտէզի տղաքը ներկաները ողջունեցին զուարթ երգերով եւ ոտանաւորներով: Տղոց այս ինքնաբուխ ելոյթներուն յաջորդեց իրենց դասարանի ուսուցչուհի Սիպիլ Աւագօղլուի ուղերձը: Ան արտայայտեց իր անհուն սէրը իր փոքրիկ մկնիկներուն հանդէպ, անոնց յղելով շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան ամենաջերմ բարեմաղթանքները:
Յանուն մանկապարտէզի ծնողներու խօսք առաւ Հելտա Չաթաք, որ արտայայտեց իր երախտագիտական զգացումները Մխիթարեան վարժարանի եւ ուսուցիչներու նկատմամբ, որոնք համագործակցաբար իրենց ներդրումը բերած էին իրենց մէկ հատիկ զաւակներուն մտաւոր ու հոգեւոր զարգացման: Հելտա Չաթաք, որ մանկապարտէզէն մինչեւ լիկէոնի վերջին կարգը եղած էր հարազատ մխիթարեանցի մը, նոյն բանը մաղթեց նաեւ իր զաւկին եւ անոր դասընկերներուն համար:
Վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը եւս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Ան ալ իր կարգին շնորհաւորեց տղաքը, յետոյ շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտիզպանուհիներուն՝ Սիպիլ Աւագօղլուի, օգնական ուսուցչուհի Մելիսա Իփէքլիի եւ ամբողջ մանկապարտէզի անձնակազմին, նաեւ տղոց այլ ճիւղերու ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներուն: Յետոյ տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց վարժարանին վարչայինները եւ ուսուցիչները, որպէսզի անոնք տղոց յանձնեն վկայականները: Իսկ մկնիկներն ալ իրենց կարգին ուսուցիչներուն յանձնեցին խորհրդանշական նուէրներ:
Իր սրտի խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացաւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ տղոց մաղթեց յաջողութիւն իրենց հետագայ ուսման կեանքին մէջ: Վարդապետը անդրադառնալով տղոց յաջողութեան, գնահատեց մանկապարտէզի յարկէն ներս անոնց ամբարած այլազան գիտելիքները: Վարդապետը խոր յուզումով, նաեւ համեստօրէն եւ անկեղծօրէն յիշեց, թէ ինք դժբախտաբար մանկութեանը մանկապարտէզ յաճախելու եւ մանկապարտէզի յարկի այդ տաքուկ մթնոլորտը շնչելու առիթը չէր ունեցած, բայց Մխիթարեանի յարկին տակ քառասուն տարիէ ի վեր անընդհատ մանկապարտէզի փոքրիկներու հետ կողք կողքի գտնուելու եւ իր այդ պակասը լրացնելու բախտին արժանացած էր: Պէտք է աւելցնել, թէ այդ պահուն վարդապետին գրպանները լեցուն էին շաքարեղէններով եւ տուրմերով, որոնք քիչ ետք պիտի բաժնուէին տղոց:
Ապա մանկապարտէզի աւարտական դասարանի աշակերտները ուրախութեան բացագանչութիւններով իրենց գդակները արձակեցին օդին մէջ:
Տղաքը երգեցին երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի մականին ներքեւ, կատարեցին նաեւ անգլերէնով արտասանութիւններ անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի և Բոլին Մավունաճըի հսկողութեամբ:
Այս բոլորին յաջորդեց մկնիկներուն սիրուն պարերը: Վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազանն էր, որ ստանձնած էր պարուսոյցի պաշտօնը, ամէն մէկ պարի համար ի գործ դնելով իր բարձր երեւակայութիւնը:
Վերջին պարն էր անշուշտ Մխիթարեան վարժարանին աւանդական վալսը: Աղջիկները ճերմակ թիթեռնիկներու նման, իսկ մանչերը իրենց սեւ պաշտօնական զգեստներուն մէջ կրկին մուտք գործեցին հանդիսասրահէն ներս և պարեցին մեծ վարպետութեամբ:
Հանդէսի աւարտին ներկաները ուղղուեցան վարժարանի պարտէզը, ուր Ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած էր պատշաճ ընդունելութիւն: Մանկապարտէզի աշակերտները եւ ուսուցիչները միասնաբար կտրեցին շրջանաւարտութեան ծաղը: Տղաքը նկարուեցան, ազատօրէն խաղացին ու պարեցին: Իսկ իրենց ծնողները յիշելով Մխիթարեանի մանկապարտէզի յարկէն ներս իրենց հոգեհատորներուն կատարած կրթական ճանապարհորդութիւնը, ապրեցան յուզումնախառն պահեր: