ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՆ

Գումգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի 188-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Պէզճեան սրահին մէջ կազմակերպուած արարողութիւնը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էին նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Թալին Նայիր, ուսուցչական կազմը, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ՝ Տարբին Պօղոսի եւ Ալեքս Տեմիրճիի։ Շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբերգներով ու զուարճացան երաժշտական յայտագրով։ Շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր, որ աշակերտներուն յաջողութիւններ մաղթեց՝ կրթական կեանքի շարունակութեան համար։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ փոխ-տնօրէն Ահմէտ Պալթա։ Տղաքը ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց վկայականները։

Գումգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները ջերմօրէն շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, որոնց յանձնեցին նուէրներ եւ բարեմաղթութիւններ ըրին ապագայի համար։

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանն ալ ընթացաւարտներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ տուաւ հայրական յորդորներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018