ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Այս տարի Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հինգերորդ անգամ կազմակերպուեցաւ հայերէնի փառատօնը, որ դարձած է աւանդական։ Վերջին տարիներուն իւրաքանչիւր կրթական շրջանի վերջին շաբթուան կը զուգադիպին այս փառատօները։ Այս տարի եւս շարունակուեցաւ աւանդութիւնը՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով դպրոցէն ներս։ Աշակերտներու առընթեր այս փառատօնին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ծնողներ եւ թաղեցիներ։

Տղաքը փառատօնի յայտագիրը գործադրեցին մեծ յաջողութեամբ։ Մասնաւորապէս չորրորդ դասարանէն Լորին Ելեկէն, Խաչիկ Մարգարեան, Ռոյ Ինճիլիօղլու եւ Ալեքս Մալխասօղլու տեսահոլովակով մը տեղեկութիւն տուին հայ հինգ մեծ անուններու մասին, որոնց ծննդեան 150-ամեակները կը նշուին այս տարի։ Անոնք էին՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան, Մեծն Կոմիտաս Վարդապետ, գործարար ու ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան, գրող ու հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթ եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Գրիգոր Օտեան։

Հայերէնի փառատօնի ծրագրի գործադրութեան աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ բարձր գնահատեց յաջող ծրագրին ներգրաւուած բոլոր կրթական մշակներն ու աշակերտները։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2019