ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն զանազան ձեռնարկներով մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ 2023-2024 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը թաղի Տատեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ արտասովոր ոգեւորութեամբ։ Առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը այս ամբողջին մէջ բացառիկ էր։ Մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ալ նուազ ուշագրաւ չէր՝ փոքրիկներու յաջող ելոյթներով եւ արժանացած ծափահարութիւններով։ Ի լրումն այս բոլորին, դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական հանդիսութիւն մը, որու յայտագիրը առաւել չափով երաժշտական կատարումներէ բաղկացած էր։

Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը այս բոլոր ձեռնարկներու ընթացքին բարձր գնահատեց աշակերտները եւ այն կրթական մշակները որոնք վերահսկած էին պատրաստութիւնները։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024