ՀԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Ռու­մե­լի­հի­սա­րի Ս. Սան­դուխտ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը  շա­բա­թա­վեր­ջին նշուե­ցաւ ա­ւան­դա­կան շու­քով: Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան: Օ­րուան Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. ­Զա­տիկ Վրդ. ­Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան:

Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին կա­մա­ւոր դպիր­ներ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սէր­ճան Կա­զե­րօղ­լուի։ Նախ­քան Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց Սրբա­զան Հայ­րը: Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն:

Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պե­տու­հի Նու­րի­ձա Եա­սուլ­քա­լի, սի­րոյ սե­ղա­նով մը հիւ­րա­սի­րեց Սրբա­զան Հայրն ու ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, դպիր­նե­րը, հին ու նոր թա­ղե­ցի­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը: Ներ­կայ էր նաեւ Պա­քըր­գիւ­ղի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Մարգ­րիտ Տիք­մէ։

Ա­ւար­տին Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ա­տե­նա­պե­տու­հի Նու­րի­ձա Եա­սուլ­քա­լի գլխա­ւո­րած թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, որ կը ջա­նայ վառ պա­հել Վոս­փո­րի այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը, դպիր­նե­րուն ու բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ա­ղօթք­նե­րը ան­պա­կաս կ­­՚ը­նեն:

Հարկ է նշել, թէ Շա­բաթ օր ալ նշուե­ցաւ Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի եւ Ս. Սան­դուխտ կոյ­սի յի­շա­տա­կու­թեան օ­րը՝ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի: Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. ­Չը­նա­րեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 11, 2016