ՀԱՄԱԿՐԵԼԻ ՍՈՓՐԱՆՈՅԻՆ ՏՈՑԵՆԹԻ ԿՈՉՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համարկրելի մեներգչուհի Սեդա Քիւրքճիւօղլու վերջերս նուաճած է տոցենթի կոչում։ Սեդա Քիւրքճիւօղլու մեր համայնքի յայտնի արուեստագիտուհիներէն մին է։ Երաժշտական կալւածէ ներս իր գործունէութիւնը չէ սահմանափակուած միայն մենակատարութիւնով, այլեւ՝ ան ակադեմական մակարդակի վրայ ալ կը զբաղի այս արուեստով։ Երկար տարիներէ ի վեր զանազան համալսարաններէ ներս կը դասաւանդէ Սեդա Քիւրքճիւօղլու։ Թէ՛ Եըլտըզ թեքնիկ համալսարանի եւ թէ Օքան համալսարանի մէջ ան ցայսօր տարած է բազմակողմանի աշխատանք։ Ան կը դասաւանդէ մագիստրոսութեան եւ տոքթորականի պատրաստուող ուսանողներու համար, նաեւ համերգներ կը կազմակերպէ անոնց մասնակցութեամբ։

Իր բազմակողմանի յաջողութիւններու հիման վրայ Սեդա Քիւրքճիւօղլու վերջերս նուաճած է տոցենթի կոչում, ինչ որ իր որդեգրած ուղիի տրամաբանական շարունակութիւնը կը համարուի։ Սեդա Քիւրքճիւօղլու յաճախ կը մասնակցի առանձին կամ խմբային համերգներու։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սեդա Քիւրքճիւօղլուն, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ 

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2020