Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ
Պատրիարքական Աթոռի Կրօնական ժողովը նախընթաց օր գումարուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ։ Ընթացիկ նիւթերու կարգին խորհրդակցելէ բացի, ժողովական հայրերը տեղեկութիւն ստացան պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի տարած աշխատանքներուն մասին։ Ժողովական հայրերը գոհունակութեամբ տեղեկացան, թէ Նախաձեռնարկ մարմինը աշխատութեան լծուած էր պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ ամենայն լրջութեամբ։
Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2017