ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն սկսած է ուղեւորութեան՝ դէպի Թուրքիոյ հարաւային շրջանները։ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ դէպի Մուսա լեռ կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ երէկ առաւօտ Իսթանպուլէն օդային ճամբով մեկնեցաւ Ատանա՝ ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Ատանայի օդակայանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միացաւ նաեւ գաւառի հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը Ատանայի օդակայանէն ուղղուեցաւ Մերսին, ուր հանդիպումներ ունեցաւ կուսակալ Ալի Համզա Փեհլիվանի եւ գլխաւոր քաղաքապետ Վահափ Սէչէրի հետ։ Այս քաղաքավարական այցելութիւններէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Մերսինի Ս. Միքայէլ յոյն ուղղափառ եկեղեցին, ուր արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի։ Տեղւոյն հոգեւոր հովիւը բարի գալուստ մաղթեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ նախ կատարեց իր ուխտի աղօթքը, ապա օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը սրբանկար մը յանձնեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Իսփիր Թէյմուր քահանային։

Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ Սէն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցին, ուր եւս դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Այս մէկը պատմականօրէն խորհրդանշական սրբավայր մըն է։ Արդարեւ, 1840 թուականին Լիբանանէն Մերսին հաստատուած քրիստոնեաներ խնդրանք ներկայացուցած են աղօթատուն մը ունենալու համար եւ այդ հիման վրայ այս եկեղեցին կառուցել հնարաւոր եղած է սուլթան Ապտիւլմեճիտի 1853 թուականի հրովարտակով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց տեղւոյն հովիւը՝ Ֆրանսիսքեան միաբանութենէն Հայր Ռոշան Վրդ. Քորտէիրոն։ Տեղւոյն եկեղեցասէր տիկիններն ալ թարմ ծաղիկներ նուիրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որու այցելութիւնը օրհնաբեր բնոյթ ունէր իրենց համար։

Այստեղ եւս ուխտի աղօթքէն վերջ Նորին Ամենապատուութեան ի պատիւ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ։

Այսպէսով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան առաջին օրուան յագեցած ծրագիրը հասաւ իր աւարտին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գիշերը իջեւանեցաւ Սէն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ համալիրի հիւրանոցի երդիքին տակ։

Այսօր ալ կը շարունակուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին ան պիտի հասնի Վաքըֆլըգիւղ, ուր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ տաղաւարի արարողութիւններուն, աւանդական խրախճանքին եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022