ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՎԱՐՊԵՏ
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ֆաթիհ Չեքիրկէ այսօր իր սիւնակին մէջ դրուատիքով արտայայտուած է մեր ծանօթ ազգայիններէն Ճեզօ Թաշի մասին։ Յօդուածագիրը այսօրուան իր գրութեան մէջ կեդրոնացած է Պիթլիսի վրայ, որու Ահլաթ գաւառակէն ներս ներկայիս պատմական դամբարան մը կը վերանորոգրուի՝ պեղումներու զուգահեռ։ Ֆաթիհ Չեքիրկէ կը շեշտէ, որ Պիթլիս քաղաքի ընկալումները վերջին տարիներուն նոյնացած են, ահաբեկչութեան, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ։ Ան այս երեւոյթը խոտոր կը համեմատէ քաղաքի հարուստ պատմական հենքին։
Սոյն տրամաբանութիւնով շարունակելով իր խորհրդածութիւնները՝ ան կը վերյիշէ իր բարեկամներէն Ճեզօ Թաշը, որու արմատները եւս կը հասնին Պիթլիս։ Յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ Ճեզօ Թաշ առասպելական ոսկերիչ մըն է։ Ան մէջբերած է նաեւ Ճեզօ Թաշի վերաբերեալ այլ յայտնի վարպետի մը՝ Սեւան Պըչաքճըի վկայութիւնները։
Յօդուածի վերջաւորութեան Ֆաթիհ Չեքիրկէ կ՚արտայայտէ այն համոզումը, թէ երկրէն ներս միասնականութիւնը մեծ հարստութիւն մըն է եւ այդ մէկուն յարգը պէտք է գիտնալ։