ՆՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պատրիարքարանի նորաստեղծ Երիտասարդաց յանձնախումբէն երկու ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Արի Չոլաք, որ կը գլխաւորէ այս յանձնախումբը եւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս Երիտասարդաց յանձնախումբը ստեղծուած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Խորհրդակցական մարմնին կողմէ տրուած գաղափարին հիման վրայ։

Երէկուան հաճելի զրոյցի ընթացքին Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան մեզի բացատրութիւններ տուին նորաստեղծ Երիտասարդաց յանձնախումբին կողմէ ցարդ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք նշեցին, որ հետեւողական ջանքեր կը գործադրուին կայացման եւ ինքնահաստատման տեսակէտէ։ Երիտասարդաց յանձնախումբը կը ջանայ բազմակողմանի գործունէութիւն ծրագրաւորել՝ ուշադրութեամբ դիտարկելով համայնքային կեանքի առկայ մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս նոր սերունդի վերաբերեալ խնդիրներու կտրուածքով։ Հիւրերը նշեցին, որ յանձնախումբի գործունէութիւնը կը ծրագրաւորեն՝ միշտ հաշուի առնելով, որ սա Պատրիարքական Աթոռին վերաբերեալ ծրագիր մըն է, իբր այդ պէտք է ունենայ համապատասխան որակ ու մակարդակ։ Այս յանձնախումբը առաջին հերթին կը նախատեսէ հնարաւորինս համախմբել մեր երիտասարդութիւնը եւ ապահովել, որ մեր նոր սերունդը առաւել չափով ըմբոշխնէ իրարու հետ ըլլալու, միասին ըլլալու ուրախութիւնն ու հաճոյքը։ Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան բացատրեցին, որ երբ յաջողին այդ զգացումը առթել, ապա մնացեալը շատ աւելի հարթ կրնայ ըլլալ իրենց տեսակէտէ։

Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը առաջին իսկ քայլափոխին կ՚ենթադրէ համընդգրկուն ու լայնախարիսխ մօտեցումներով աշխատիլ եւ մեր երիտասարդներուն համար ստեղծել միասնական, անձերէ կամ բեւեռացումներէ բոլորովին հեռու միջավայր մը։ Յանձնախումբը համոզուած է, թէ այդպիսի միջավայրի մը մէջ մեր նոր սերունդը պիտի կարենայ շատ աւելի դրական ձեւով ինքնադրսեւորուիլ եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ներկայացնելու իր արժէքն ու ընդունակութիւնները։ Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան նշեցին, որ մեր համայնքէն ներս այսօր նոր սերունդի վերաբերեալ խնդիրները դարձած են հրատապ եւ նախախնամական նշանակութիւն ստացած են՝ երիտասարդները համայնքի մէջ, անոր հաստատութիւններուն շուրջ համախումբ պահելու հարցերը։ Ուստի, համայնքէն ներս զօրաշարժ մը պէտք է սկսի այս խնդիրներու լուծման համար։ Երիտասարդաց յանձնախումբը կը բաղկանայ կամաւորներէ, որոնք մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ նախանձախնդիր են ու պատրաստակամ՝ այդ զօրակոչին մասնակցելու։ Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան նշեցին, որ մեր երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ անոր ներուժը նպատակասլաց օգտագործելու որոնումներուն մէջ մեծապէս կը կարեւորեն Պատրիարքական Աթոռի օրհնութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ պիտի օգտուին նաեւ մօտաւոր անցեալի «Երիտ» համախմբման փորձառութենէն, սակայն յարափոփոխ աշխարհի պայմաններուն մէջ երիտասարդութեան ուղղեալ ծրագրերն ալ շատ արագ ձեւով փոփոխութեան կ՚ենթարկուին։

Արի Չոլաք եւ Սարօ Պենկլեան զրոյցի աւարտին յոյս յայտնեցին, թէ ընթացիկ խնդիրները որքան որ ալ ըլլան հրատապ՝ պէտք չէ պատճառ դառնան երիտասարդութեան նկատմամբ անուշադրութեան կամ անտարբերութեան։ Ուստի, Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը այս մղումով գործի կը ձեռնարկէ՝ որպէսզի մեր նոր սերունդին առջեւ համայնքային կեանքէն ներս նոր հորիզոններ ուրուագծուին՝ երիտասարդներու համախմբումով։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018