ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս վերամուտը դիմաւորեց՝ հաստատութեան վանահօր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ։ 2024-2025 տարեշրջանի մեկնարկին ձօնուած հանդէսը համախմբեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուներն ու սաները։

Հանդէսի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճի, տնօրէն Սերքան Քըյըճը, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ եւ այլ հիւրեր։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ վերամուտի առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորեց բոլորը՝ մասնաւոր յորդորներ ուղղելով վարժարանի սաներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ ուսման շրջանը պէտք է լաւ արժեւորել ու պէտք է անցնիլ համալսարան։ «Կեանքին պէտք է պատրաստուիլ՝ ըստ կարելւոյն գիտելիքներով հարստանալով», ըսաւ ան, որ օրհնեց նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուներուն աշխատանքը։

Առաջին դասաժամին ուղղուելէ առաջ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում. բոլորը ուրախութեամբ համախմբուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024