Ուրբաթ 22, Նոյեմբեր 2024
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ 151-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԲԱՑԱՒ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերամուտը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Դպրոցը այս տարի 151-րդ անգամ բացած է իր դռները։ Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին՝ 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ։ Վերամուտի հանդէսի ընթացքին թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք յուշանուէր մը յանձնեց դպրոցի վաստակաւոր մանկապարտիզպանուհիներէն Նելլի Պասմաճեանին։ Տղաքը բարձր տրամադրութեամբ երգեցին դպրոցի քայլերգը եւ բռնեցին դասարաններուն ճանապարհը։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024