ԿԱՐԷՆ ՍՐԿ. ՀԱՄԱՄՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որ Լոս Անճելըսէն է եւ այս ամրան շրջանը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսայի Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի արժէքաւոր սպասաւորներէն է տիրացու Կարէն Սրկ. Համամճեանը, որուն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Անոնք դասընկերներ են Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանէն։

Անմիջական զրոյցի ընթացքին Կարէն Սրկ. Համամճեան մեզի վառ տպաւորութիւններ փոխանցեց նախորդ շաբաթներուն Գնալը կղզիի վրայ անցուցած ժամանակին շուրջ։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ան այս ամառ եղաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի անմիջական աջակիցներէն՝ թէ՛ հովուական ծառայութիւններուն եւ թէ ընկերամշակութային ձեռնարկներուն մէջ։ Կարէն Սրկ. Համամճեան մեզի հետ բաժնեց նաեւ իր դիտարկումները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Ան ներկայիս իր կեցութեան վերջաւորութեան կը մօտենայ եւ այս փուլին ժամանակ կը յատկացնէ տարրական ծանօթութիւն մը ունենալու համար Իսթանպուլի կեդրոնին մասին՝ պատմամշակութային տեսարժան վայրերով եւ համայնքային հաստատութիւններու ցանցով հանդերձ։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ յայտնեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն էր այս ամառ Նիւ Եորքի դասընկերը Պոլսոյ մէջ ունենալ իր կողքին՝ որպէս աջակից ու հարազատ։

Կարէն Սրկ. Համամճեան շուրջ երկու շաբաթ վերջ պիտի վերադառնայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2024