ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ, ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ՝ ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՐՔԻ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ համախմբեց բազմաթիւ մշակութասէրներ եւ ընթերցասէրներ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի պայմաններուն տեսակէտէ փայլուն երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ կարծիքի փոխանակումներու աշխոյժ մթնոլորտ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հովանաւորուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ։ Երեկոյթը, խորքին մէջ, գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ընթացքին արդէն գերազանցեց այդ սահմանը եւ իր բովանդակութեամբ կարծես նոր ձեւաչափ մը, տարբեր տարողութիւն մը ստացաւ։ Երեւանէն՝ «Ա. Թամանեան» ճարտարապետներու միութեան նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի կողմէ հեղինակուած՝ արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանին ձօնուած ծաւալուն գիրքի թրքերէն թարգմանութեան ծանօթացման համար կազմակերպուած հաւաքոյթը ունեցաւ իսկապէս դրական արդիւնք։ Գինեձօնին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ գործակից ընկերները, «Հայճար»ի անդամներ, բազմաթիւ հետաքրքիրներ եւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ համայնքային շրջանակներէ դուրս հետաքրքիրներ, որոնց տեսակէտէ եւս այս երեկոյթը եզակի կը համարուէր։ Բոլորն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Նազար Շիկահերի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։
Երեկոյթը սկսաւ «Հայճար»ի սիւներէն Նազար Պինաթլըի ողջոյնի խօսքով։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Աշոտ Գրիգորեանի հեղինակած գիրքի թրքերէն թարգմանութեան ապահովուած ըլլալուն համար։ Նազար Պինաթլը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց թարգմանութիւնը իրականացուցած Մուրազ Սարանկիլին, թրքերէն տարբերակի հրատարակչական աշխատանքները համակարգած Վահագն Քէշիշեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին՝ այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնապէս ընդգծեց նաեւ յայտնի արուեստաբան եւ զբօսավար Էլմոն Հանչէրի դերակատարութիւնը։ Նազար Պինաթլը երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ մեր համայնքի այն լուսանկարիչներուն, որոնք այս գիրքին համար տրամադրած էին՝ Պալեաններու կողմէ կառուցուած ինչ-ինչ կոթողներու վառ լուսանկարները, ինչ որ տարբեր խորք մը տուած էր այս գործին։ Ի դէպ, Նազար Պինաթլը ձեռնարկի աւարտին յանձնեց նաեւ՝ այդ լուսանկարիչներուն համար «Հայճար»ին կողմէ պատրաստուած շնորհակալագրերը։
Պինաթլըի ողջոյնի խօսքէն վերջ հանդէս եկան գիրքին հեղինակը՝ Աշոտ Գրիգորեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Սկիզբին Արա Գօչունեան ներածական խօսք մը արտասանեց ձեռնարկին ու նոր հրատարակուած գիրքին մասին։ Պալեան գերդաստանի վերաբերեալ գիրքի թրքերէն թարգմանութեան երեւոյթը ան մեկնաբանեց զանազան տեսակէտներէ։ Այս ամբողջին մէջ Արա Գօչունեան խօսեցաւ թրքահայ կեանքէն ներս «Հայճար»ի դերակատարութեան, գիրքը հրատարակած «İnkılap» հրատարակչութեան, հայ ճարտարապետներու կողմէ դարերու ընթացքին Իսթանպուլի մէջ կառուցուած կոթողներուն մասին, որոնք պոլսահայերու տեսակէտէ մէկ կողմէ ինքնութեան պահպանման գործօնի կը վերածուին, իսկ միւս կողմէ լայն հասարակութեան հետ շփումներու առումով նշաձող մը կը բնորոշեն։ Արա Գօչունեան մասնաւորապէս կանգ առաւ կարգ մը հանգամանքներու վրայ, որոնք գիրքի բովանդակութեան մէջ ալ դասուած են որպէս առանձին բաժիններ։ Այս շրջանակին մէջ ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Պալեաններու ստեղծագործութիւններէն կարեւոր հետքեր գոյութիւն ունին նաեւ Երուսաղէմի մէջ։ Գօչունեան համակեցութեան իւրօրինակ երեւոյթ համարեց՝ պատմութեան ընթացքին հայ ճարտարապետներու կողմէ՝ ուրիշ դաւանանքներէ կամ կրօններէ հաւաքականութիւններու համար սրբատեղիներու կառուցուած ըլլալու հանգամանքը։ Նկատի ունենալով, որ այս նոր հրատարակուած գիրքը պատրաստուած է՝ Կիւրեղեան ճարտարապետներու գերդաստանին կողմէ Հայաստանի Ճարտարապետներու թանգարան-կաճառին նուիրուած Պալեաններու արխիւի հիման վրայ, Արա Գօչունեան շեշտեց, որ սա պատմութեան առջեւ պատասխանատուութեան վառ օրինակ մը կը համարուի։ Այս կէտին վրայ ան ընդգծեց, որ հայ իրականութենէն ներս հաստատութիւնները պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ իրենց ձգողականութիւնը պահելու, կենսունակութիւնը պահպանելու ճանապարհին անոնք պէտք է իրենց եզակի դիմագիծը պահպանեն եւ նոր ժամանակներուն քայլ յարմարցնելու ընդունակութիւն ձեռք բերեն։ Գօչունեան աւելցուց նաեւ, որ երաժշտութեան կամ ճարտարապետութեան նման բնագաւառները թէեւ լեզուէ անկախ ճիւղեր կը նկատուին, սակայն վերջին հաշուով անոնք ալ կը բիւրեղանան այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ, որ գոյացած է մեր լեզուով ու գրաւոր մշակոյթով պայմանաւորուած, ներշնչուած ձեւով։
Հուսկ, Արա Գօչունեան բացատրեց, որ Աշոտ Գրիգորեանի հեղինակած գիրքը այս բոլոր տեսանկիւններէն կարեւոր ձեռքբերում մըն է։ Ան գրիչը ձեռքն առած է այն կէտին վրայ, ուր վերոյիշեալ բոլոր հանգամանքները զիրար կը հատէին։ Աշոտ Գրիգորեան Պալեաններու վերաբերեալ գիրքը պատրաստած է՝ որպէս իր ժամանակաշրջանի եւ սերունդի հեղինակաւոր մասնագէտներէն մին։
Այս ներածականէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ կենդանի ասուլիսի մը ձեւաչափով։ Աշոտ Գրիգորեան Արա Գօչունեանի հարցումներուն պատասխանելով ներկաներուն բացատրեց, թէ ինչպէս սկսած էր պատրաստել այս գիրքը։ Ան նշեց, որ 1990-ականներուն Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած էր ճարտարապետներու թանգարան մը ստեղծել։ Այդ ժամանակ նման կառոյց մը ձեւաւորելու համար արխիւ գոյութիւն չունէր, իսկ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին հրատարակուած հանրագիտարանին մէջ սփիւռքահայ ճարտարապետներու թիւը ձեռքի մը մատներուն չափ էր։ Յամենայնդէպս, անոնց շարքին կային Պալեանները։ Աշոտ Գրիգորեան աւելի վերջ վերյիշեց, որ նոյն ժամանակաշրջանին առիթն ունեցած էր Իսթանպուլ այցելելու եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու լուսահոգի խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի հետ առաջին անգամ այցելած էր Տոլմապահչէի պալատը։ Ան մատնանշեց, որ Պալեաններու մասին աւելի առաջ հրատարակուած գիրքերուն բովանդակութիւնը առաւել չափով անոնց կենսագրութեան վրայ կեդրոնացած էր եւ ճարտարապետական գործունէութիւնը խոշորացոյցի տակ չէր առնուած։
Ի շարունակութիւն Աշոտ Գրիգորեան բացատրեց, թէ Իտալիոյ մէջ ինչպէս Կիւրեղեաններու ընտանիքին կողմէ Պալեաններու վերաբերեալ ծաւալուն, հսկայական ու աննախընթաց արխիւը յանձնուած էր իրենց՝ Երեւանի նորաստեղծ թանգարան-կաճառին։ Նկատի ունենալով, որ այդ վիթխարի նիւթը խնամքի եւ հետազօտութեան կարիքն ունէր՝ առաջին փուլին 4-5 տարուան աշխատանք մը կատարուեցաւ մասնագէտներու կողմէ։ Թէ ինչպէ՞ս պէտք էր մօտենալ Պալեաններուն, ինչպէ՞ս պիտի ներկայացուէին անոնք։ Աշոտ Գրիգորեան բացատրեց, որ գիրքի հրատարակութեան ժամանակ այս հարցումները միշտ օրակարգի վրայ եղած են։ Յամենայնդէպս, գործին նշանակութիւնը հաշուի առնելով որոշուած է համադրութեան մը ձեւաչափով, ընդհանուր հաւասարակշռութեան մը մէջ ներկայացնել ամէն ինչ՝ գիտականը, պատմականը, տեսականը ներառել հանրամատչելի ձեւով։ Գրիգորեան շեշտեց, որ թէեւ հաստափոր հատոր մը լոյս տեսած է, սակայն տակաւին Պալեաններու արխիւէն մնացած ահաւոր նիւթ գոյութիւն ունի եւ առանց անոնց մշակման անկարելի է անոնց վերաբերեալ վերջին խօսքը ըսուած համարել։
Զրոյցի տեւողութեան Աշոտ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս բաց կը մնան բազմաթիւ հարցումներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ Պալեաններուն եւ թէ անոնց գործունէութիւնով պայմանաւորուած, անոնց գործունէութենէն ծնունդ առած զանազան հանգամանքներու։ Անշուշտ, սա աշխատանքային նոր ուղղութիւններ կ՚ենթադրէ։ Ան բացատրեց, որ Պալեանները լուսարձակի տակ բերելու ժամանակ ինքնաբերաբար օրակարգի վրայ կու գան անոնց նախորդած շրջաններուն վերաբերեալ հարցադրումներ։ Ճարտարապետաշինարարական միջտարածաշրջանային կապերու վերաբերեալ պատմական տուեալները նոր հետաքրքրութիւններու դուռ կը բանան նաեւ Պալեաններու գործունէութեան լոյսին տակ։ Պալեան գերդաստանի ճարտարապետները իրենց աշխատանքներուն կը ներգրաւէին մեծ թիւով հայ վարպետներ։ Ուրեմն, յայտնի է, որ Պալեաններէն առաջ եւ անոնց գործած շրջանին կային նաեւ այլ հայ կարեւոր վարպետներ, որոնք ի զօրու եւ ի վիճակի էին մեծ նախագծեր կեանքի կոչելու։
Աշոտ Գրիգորեան դիտել տուաւ նաեւ, որ կարեւոր հարցադրումներէն մին է նաեւ, թէ ճարտարապետական ի՞նչ ոճերու մէջ պէտք է դասուին Պալեաններու գործերը։ Ի՞նչ մօտեցումներ պէտք է ցուցաբերուին այս առումով։ Գրիգորեան յիշեցուց՝ Պալեանակերտ մզկիթներու յատակագծերու առանձնայատկութիւնները։ Այս առումով ան զուգահեռականներու ակնարկեց նաեւ աւելի առաջ Միմար Սինանի կողմէ նախագծուած մզկիթներու մասնայատկութիւններուն հետ։ Աշոտ Գրիգորեան շեշտեց, որ ներկայիս երիտասարդ մասնագէտներ կը շարունակեն այս բոլոր նիւթերուն վրայ աշխատիլ։ Ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, Վենետիկ, նախատեսուած է գիտական հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին եւս նոր զեկուցումներ պիտի ներկայացուին՝ այս առումով կարեւոր նորութիւններով։ Աշոտ Գրիգորեան փափաք յայտնեց, որ պոլսահայ երիտասարդ ճարտարագէտներ եւ արուեստաբաններ եւս ներգրաւուին այս աշխատանքներուն։ Ան համոզուած է, թէ ուսումնասիրութեան առանձին գլուխ մը պէտք է ըլլայ Պալեաններու կողմէ պոլսահայ համայնքին համար կատարուածները։
Հարցազրոյցի շարունակութեան Աշոտ Գրիգորեան նշեց, որ հայերէնով հրատարակուած գիրքը արդարացուցած էր իրենց ակնկալութիւնները, բաւարարուած կը զգայ անոր ապահոված արդիւնքներով՝ մանաւանդ, որ տպաքանակը ամբողջութեամբ սպառած է։ Այդ գիրքի արժեւորումը եղած էր թեր ու դէմ կարծիքներով եւ արձագանգներն ալ կը համարուէին դրական։ Գրիգորեան ուրախութիւն յայտնեց, որ ներկայիս գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ անոր արդիւնքները պիտի ըլլան գոհացուցիչ։ Թէ՛ հայերէն եւ թէ թրքերէն տարբերակները արդէն շրջանառութեան մէջ են, հասանելի են գրադարաններու մէջ, անոնք պատմական ճշմարտութիւններ կը բովանդակեն եւ իբր այդ գնահատական կը տրուի այդ գործերուն համար։ Հեղինակը տեղեկացուց, որ գիրքի անգլերէն թարգմանութեան հաւանականութիւնը եւս օրակարգի վրայ է։
Երեկոյթի տեւողութեան Արա Գօչունեան Աշոտ Գրիգորեանին իր հարցումները տալէ վերջ, ներկաներն ալ հրաւիրեց հեղինակին հետ զրոյցի մասնակցելու։ Ուստի, հետաքրքիրներ առիթն ունեցան հարցումներ ուղղելու։ Արհեստավարժ զբօսավար մը հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս Պալեաններու գործի ուսուցման նիւթով։ Աշոտ Գրիգորեան շեշտեց, որ Հայաստանի համալսարաններու մէջ համաշխարհային մշակոյթի եւ համաշխարհային ճարտարապետութեան պատմութիւններու առարկաները եւ այլ ժամանակաշրջաններու վերաբերեալ դասերը միշտ կ՚ընդգրկեն Պալեաններու ժառանգութիւնը՝ առաջին դասարանէն սկսեալ։ Մնաց որ, սփիւռքահայ ճարտարապետներու վերաբերեալ կը դասաւանդուին նաեւ մասնաւոր առարկաներ, որոնցմէ եւս անպակաս չեն Պալեանները։ Հարցումներու պատասխանելու ժամանակ Աշոտ Գրիգորեան յայտնեց, որ այս գիրքին մէջ կան ուղղակիօրէն չարծարծուած բազմաթիւ նիւթեր, սակայն այդ բոլորը անմիջապէս կը սկսին միտքերը զբաղեցնել Պալեաններու վերաբերեալ բովանդակութիւնը կարդալու ժամանակ։ Ուշադիր ընթերցողը թուարկուած անուններէն հետեւութիւններ կրնայ ընել եւ կամ աւելի խորանալով կրնայ հասնիլ մինչեւ Այա Սոֆիա, որու գմբէթի վերանորոգման պատասխանատուութիւնը Բիւզանդական կայսրութեան շրջանին վերապահուած էր՝ Անի քաղաքը կառուցած Տրդատ ճարտարապետին։ Թէ ինչպէ՞ս եղած էր այդ բանը։ «Ուշադիր ընթերցողը կրնայ հետեւութիւններ ընել, թէ ինչի՞ մասին կը խօսինք Պալեաններով», նշեց հեղինակը։
Հարցում-պատասխանէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ այսօրուան պայմաններով մեր արժէքները պէտք է ծանօթացուին թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ այս գիրքը կարեւոր արձագանգ կը ստեղծէ լայն հասարակութեան մէջ։ Արդարեւ, վերջին շրջանին հայկական նիւթերը շատ աւելի հետաքրքրութեան կ՚արժանանան թրքական հասարակութեան մէջ՝ հայկականին բաղդատմամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը աւելցուց, որ Աշոտ Գրիգորեանը պոլսեցի մը կամ պոլսահայ մը չէ, բայց շատ աւելի լաւ գիտէ Պալեաններն ու անոնց գործը։ «Սա հարցումներէ ծնած գիրք մըն է», ըսաւ ան եւ բացատրեց, որ հեղինակը այդ հարցումները կարողացած է բանաձեւել, սահմանել շնորհիւ իր մասնագիտական կարողութիւններուն։ Այս կէտին վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց նաեւ պոլսահայութեան եւ Հայաստանի կապերը, որոնք կը կամրջուին նուիրեալ անհատներու եւ որոշ կառոյցներու կողմէ։ Եզրափակելով խօսքը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Հայճար»ի գործունէութեան մասին։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին «Հայճար»ի վարչութիւնը ընդունելութիւնով մը հիւրասիրեց բոլոր ներկաները։ Այս փուլին Աշոտ Գրիգորեան բոլորին կողմէ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ, պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, նաեւ անոնց համար մակագրեց գիրքեր։
Հարկ է նշել, որ Աշոտ Գրիգորեան մինչեւ շաբաթավերջ պիտի մնայ Իսթանպուլի մէջ։