ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՐԷՏ ՄԱՆՈՔ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոր զարթօնք»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Երուանդ Պարէտ Մանոք։ Ձեռնարկի սկիզբին յանուն «Նոր զարթօնք»ին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սայաթ Թեքիր։ Աւելի վերջ ելոյթ ունեցաւ Երուանդ Պարէտ Մանոք, որ խօսեցաւ պատմութեան ընթացքին ու մինչեւ արդի ժամանակները՝ իսլամացած կամ իսլամացուած հայերու նիւթին շուրջ՝ զանազան աշխարհագրական տարածքներէ ներս։ Ան տեսողական առարկաներու ալ ցուցադրումով նիւթը մեկնաբանեց բաւական լայն աշխարհագրական տարածքի մը եւ պատմութեան զանազան ժամանակաշրջաններու կտրուածքով։ Ան ըսաւ, թէ հայոց բռնագաղթին ու դաւանափոխութեան խնդիրները խորքին մէջ չեն սահմանափակուիր միայն 20-րդ դարասկիզբին հետ, ուստի պատմութեան բեմահարթակին վրայ հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին թիւը այսօր կրնար ըլլալ անհամեմատօրէն աւելի բարձր։
Դասախօսութեան աւարտին Երուանդ Պարէտ Մանոք պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։