ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ հաւաքոյթ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի ներկայ ուսուցչական կազմի անդամներուն առընթեր, հանգստեան կոչուած կրթական մշակներն ալ մեծարուեցան այս առթիւ։ Ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ համախմբուած զանազան սերունդներէ կրթական մշակներ այս առթիւ հետեւեցան աշակերտներուն կողմէ իրենց համար պատրաստուած յայտագրին։ Օրուան հանդիսավարներն էին Նաթալի Պարսամեան եւ Վարդան Թէրզեան։ Մասնաւորապէս վերյիշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծ ու կրթական մշակ Զարեհ Խրախունի, որու գործերէն մին արտասանեց Մարգրիտ Սարտարեան։
Լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքէն վերջ շարունակուեցան տղոց արտասանութիւնները։ Այսպէս, իրերայաջորդ հանդէս եկան Նորա Եիւզպաշեան, Կարէն Պետիկօղլու, Արաս Պուլկուր, Տարօն Էրտինչ, Արտէն Մինաս, Մելանի Ֆէնէրլի, Լիանա Գըլըչ, Ալեքսան Լիսան, Սեսիլ Գարակէօզեան, Սեւան Եանըքօղլու, Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Լարա Սալպանօղլու, Արաս Մեսրոպեան, Մարալ Էսքիճեան, Արտա Սուսուփ, Ալեքսան Տատեան, Նորա Էօզէր, Լարիսա Եըլմազ, Այլին Էօճալ, Արթին Արզուման եւ Էտկար Իկիթեան։ Աշակերտները բազմակողմանի յայտագիր մը պատրաստած էին ուսուցիչներուն համար։ Այս ծիրին մաս կազմեցին Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ երաժշտական կատարումները եւ զանազան պարերը։
Կրթական մշակները յուզումնալի պահեր ապրեցան ձեռնարկին ընթացքին եւ խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեցին աշակերտներուն։
Կրթական մշակներու մեծարման այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները։