Պալեաններու Վերյիշում
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս Իսթանպուլի զանազան թաղերուն մէջ կատարեցին յատկանշական պտոյտ մը՝ վերյիշելով Պալեան ընտանիքի անդամները։ Արքունի ճարտարապետներու այս համբաւաւոր գերդաստանի ստեղծագործութիւններու հետքերուն հետեւեցան անոնք, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Նաժտա Տէմիրճիօղլուի եւ Թամար Մանկասարի։ Տղաքը իրերայաջորդ այցելեցին զանազան ժամանակաշրջաններու մէջ Պալեաններու կողմէ կառուցուած Սկիւտարի Սէմէրճեան Ճեմարան երբեմնի դպրոցի շէնքը (այժմ՝ Գալֆաեան), Պալեան գերդասատանի Սկիւտարի դամբարանը, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Տոլմապահչէի, Չըրաղանի եւ Պէյլէրպէյիի պալատները, Տոլմապահչէի մզկիթը, Ըհլամուրի ապարանքը եւ Սելիմիյէի զօրանոցը։
Այս պտոյտը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի աշակերտները ամբողջական պատկերացում մը կազմեն Պալեաններու ճարտարապետութեան շուրջ։