ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Այս Կի­րա­կի, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած են Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ թա­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Տա­տեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի ար­դէն կը գոր­ծէ նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րին մէջ, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին, պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րը թա­փով կը պատ­րաս­տուին սի­րոյ սե­ղա­նին՝ տա­րե­կան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ ան­դամ­նե­րէն Դա­նիէլ Խա­չի­կօղ­լու։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին թա­ղի ու մա­նա­ւանդ վար­ժա­րա­նի այժ­մու կա­ցու­թեան շուրջ։ Այս ծի­րին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տե­ցին, թէ դպրո­ցէն ներս հաս­տա­տուած է ե­րեք տա­րե­կա­նէ սկսեալ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի փոք­րիկ­նե­րու յա­տուկ ման­կա­պար­տէզ մը։ Թա­ղա­կան­նե­րը մատ­նան­շե­ցին, թէ վար­ժա­րա­նի մար­զա­դահ­լի­ճի օգ­տա­գործ­ման հա­մար ար­դէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին Շիշ­լի մար­զա­կում­բին հետ։ Շու­տով կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած սար­քա­ւո­րում­նե­րով պի­տի բա­ցուի նաեւ խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու դահ­լի­ճը, որ եւս հա­մայն­քի տրա­մադ­րու­թեան տակ պի­տի ըլ­լայ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015