Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած եւ շաբաթավերջին բացումը կատարուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» նոր սրահը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մօտ։ Այս սրահը կառուցուած է Ֆաթիհի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։ Եկեղեցւոյ մատակարար մարմինը այս ընթացքին սերտօրէն համագործակցած է քաղաքապետարանի խորհրդականներէն Պօղոս Թանաճըօղլուի հետ, որ մեծ եռանդ ցուցաբերած է այս ծրագրի իրականացման համար։ Լուսանկարին մէջ սրահի բացման օրը կ՚երեւին Պօղոս Թանաճըօղլու եւ քաղաքապետարանի իր գործակիցները, որոնք մասնակցութիւն բերին սրահի շինարարութեան։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2015