ՃՀՓ-Ի ՇԻՇԼԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՃՀՓ-ի Շիշլիի մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ։ Հիւրերուն ընկերացաւ մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ եւս տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ ներս ծաւալած գործունէութեան բերումով կապի մէջ է ՃՀՓ-ական շրջանակներուն հետ։

Յառաջիկայ մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան սեմին ՃՀՓ-ականները ներկայիս կը թարմացնեն իրենց շփումները մեր համայնքային շրջանակներուն հետ։ Շիշլիի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները նոյն ծիրին մէջ այցելեցին խմբագրատունս։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը ընդգծեցին համակեցութեան նկատմամբ իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը։ Անոնք արդէն քաջատեղեակ էին, որ Շիշլիի շրջանը քաղաքիս ամենահայաբնակ գաւառակներէն մին է ու մեր համայնքի անդամներուն ձայները կրնան որոշիչ ազդեցութիւն ունենալ տեղական ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ։ ՃՀՓ-ականները նշեցին, որ իրենք կը կարեւորեն հայ համայնքի եւ Շիշլիի քաղաքապետարանի միջեւ հաստատուած դրական կապերն ու զօրակցութիւնը։

Այցելութեան աւարտին բարեմաղթութիւններ կատարուեցան, որպէսզի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մօտալուտ ընտրութիւնները բարեբեր ըլլան երկրին ու ժողովուրդին համար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018