Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Պոլսոյ Աթոռի նոր գահակալը՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջերս Կրօնական ժողովի ատենապետն էր, իսկ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութեան տարիներուն վարած էր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկայիս արդէն Պոլսոյ Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամն է եւ այդ հանգամանքով իր շնորհաւորութիւնները յղած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։

Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ յայտնած է իր շնորհակալութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2019