ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱԶԴԱՐԱՐԵԼ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՏՕՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲԸ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանին ընդառաջ արդէն զարդարուած է Պատրիարքարանի տօնածառը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գումգաբուէն տօնածառի զարդարուած ըլլալու վերաբերեալ լուրին հասնիլը կու գայ ազդարարել նաեւ համայնքէն ներս տօնական շրջանի սկիզբը։ Այս տարուան տօնածառը իր շուրջ համախմբեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը, Պատրիարքարանի անձնակազմի անդամները եւ այն տիկինները, որոնք կամաւոր սպասարկութիւն կը մատուցեն Աթոռին։ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Մինչ Պատրիարքարանի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ ներկաներուն տուաւ իր օրհնութիւններն ու յղեց վաղ շնորհաւորութիւններ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ՝ մաղթելով, որ բացուի առողջ եւ ուրախ նոր շրջան մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021