ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 157-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Տարեդարձին զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հաստատութեան ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Գումգաբուի Ս․ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գալֆաեան տան տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ․ Տամատեան։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ․ Գրիգոր Աւ․ Քհնյ․ Տամատեան եւ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի գլխաւորած Գալֆաեան տան խնամակալութեան անդամները, ինչպէս նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու եւ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին։ Արարողութեան ընթացքին օրուան պատգամը տուաւ Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը, որ անդրադարձաւ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի նուիրուածութեան, բարեսրտութեան, կարօտեալներու օգնելու պատրաստակամութեան։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Գալֆաեան վարժարանը պէտք է ապրի որպէս ժառանգ, ամէն զոհողութիւն կ՚արժէ յանձն առնել զայն ապրեցնելու համար, որպէսզի շարունակէ նոր սերունդներ հասցնել։ Պոլսահայութեան եզակի հաստատութիւններէն Գալֆաեանի նշանաբանը տարիներ շարունակ եղած էր՝ օգնել կարիքաւոր զաւակներուն։ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան այս տեսլականով հիմնած էր հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ Գալֆաեան ուխտի միաբանութիւնը։ Տարիներ առաջ հաստատուած այս հիմքերով Գալֆաեանը մինչեւ այսօր շարունակած է գործել եւ ներկայիս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Պատրիարք Հայրը այս առիթով գնահատեց վարժարանի խնամակալութեան անդամները, տնօրէնութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմը։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր հոգելոյս Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանը, ուխտէն անդարձ բաժնուած միւս անդամուհիները, վարժարանի սատարողները, հանգուցեալ կրթական մշակները, սաներն ու բոլոր սպասաւորները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն․ Ս․ Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիէնա Կիւլի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Ալֆրէտ Սունա եւ Թամար Ներկիզ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ վարժարանի զանազան դասարաններէ սաները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ տեղեկացուց, թէ Գալֆաեանի համար հանգանակուած էր շուրջ 5 միլիոն լիրա։ Թաղային խորհուրդը շուրջ 11 միլիոն լիրա պիւտճէի բաց մը յայտարարած էր։ Ուստի, խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած գումարին գրեթէ կէսը հանգանակուած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքի տեւողութեան շեշտեց, որ Գալֆաեանը մեր ամենակարիքաւոր հաստատութիւններէն մին է, այնուամենայնիւ կը շարունակէ իր գոյութիւնը եւ յաջող ընթացքը։ «Մենք վարժարանները կը պահենք, որպէսզի վարժարաններն ալ մեզ պահեն։ Մենք ազգովին ճամբորդութիւն մը ունինք, դարաւոր ազգ մըն ենք եւ մեր ազգի ապագան մեր երեխաներն են։ Հետեւաբար պէտք է լաւապէս խնամք տանինք անոնց։ Մեր վարժարանները ո՛չ միայն իրենց դռները բաց պահեն, այլեւ իրենց որակը պէտք է բարձրացնեն», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ապա, Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան խնամակալութեան նախկին երախտաշատ անդամներէն Տանիէլ Անթիքաճեանին, Արամ Գալէնտէրին, Ալէն Տիրան Ներկիզին եւ Յարութիւն Շէշէթեանին։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։

  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2023