ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՃԱԿԸ

Անգ­լիա­կան «The Times» յայտ­նի թեր­թը հրա­տա­րա­կեց յօ­դուած մը՝ Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նին գտնուող Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Այս շրջագ­ծով թեր­թը գրեց, թէ քա­ղա­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող պայ­թում­նե­րը կը վնա­սեն այս պատ­մա­կան կո­թո­ղը։ Թեր­թի թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ծխա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ալ հաս­տա­տած է, թէ պայ­թում­նե­րը վնաս կը հասց­նեն ե­կե­ղեց­ւոյ, որ յետ վե­րա­նո­րո­գու­թեան պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցուած էր 2011 ին։ Ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, փո­ղոց դուրս գա­լու ար­գել­քին հե­տե­ւան­քով ներ­կա­յիս հնա­րա­ւոր չ՚ըլ­լար վերջ­նա­կա­նօ­րէն ստու­գել ե­կե­ղեց­ւոյ կրած վնա­սը։

Միւս կող­մէ, «Սթար» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը ձգտի Տիար­պա­քը­րի կեդ­րո­նին՝ Սու­րի մէջ ռմբա­կո­ծել ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, յան­ցան­քը վե­րագ­րել պե­տու­թեան եւ այս­պէ­սով գրա­ւել Եւ­րո­պա­յի ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Անվ­տան­գու­թեան ի­րա­ւա­սու­նե­րը նշած են, թէ այս շրջագ­ծով սպառ­նա­լի­քի տակ կը հա­մա­րուին հա­յոց եւ քաղ­թէա­ցի­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, նաեւ մզկիթ մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016