ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 2020 թուականի յունուարի 11-ին ունեցած էր իր 85-րդ գահակալը՝ յանձին Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Իսկ երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբանները, քահանայից դասու անդամներն ու ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Նկատի ունենալով քորոնա համավարակի սահմանափակումները՝ արարողութիւնը եւս իրականացաւ սահմանափակ պայմաններու ներքեւ։

Ժամը 16.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցականաց թափօրով Պատրիարքարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Եկեղեցի, ուր սկսաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն։ Ապա կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ մաղթանքը, որով ներկայ հոգեւորականներ աղօթեցին Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ անսասանութեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր արեւշատութեան համար։ Մաղթանքի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնութեան պահը, որով Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Խաչով օրհնեց Պատրիարքութիւնը։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, գոհութիւն եւ փառք մատուցանելով առ Աստուած։ Ան յայտնեց, թէ անցեալ տարի թրքահայութիւնը տիրացած էր իր գահակալին եւ Պատրիարքական Աթոռոյ նոր շրջաններէն մին սկիզբ առած էր։ Օրերը շուտ անցան եւ ահա հասաւ գահակալութեան տարեդարձը։ Ճիշդ է, որ բազում ծրագիրներ ի գործ դնելու շրջանը հասած էր, սակայն քորոնա համավարակը դժբախտաբար տակն ու վրայ ըրաւ նաեւ մարդկային իրականութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս, այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռոյ ամենէն կարեւոր յառաջացումներէն մին եղաւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը եւ ժողովուրդին հասնելու միջոցներ գտնելը։ Ան մաղթեց, որ քորոնա համավարակը հեռանայ մարդկային իրականութենէն ու Պատրիարքական Աթոռը առաւել եւս թափ ստանալով սկսի կեանքի կոչել ծրագիրները։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, քանի անոնք համախմբուած են Աթոռոյ եւ աթոռակալին շուրջ ու բարոյական կամ նիւթական իրենց ներդրումը չեն զլանար։ Իր խօսքերու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ Պատրիարքական Աթոռը տակաւին բազում տարիներ մնայ անսասան ու դառնայ մնայուն վկայութիւնը մեր նախնեաց։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը «Կենդանարար Աստուած» շարականի ընկերակցութեամբ եկեղեցականաց թափօրով ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր ներկայ հոգեւորականներ շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021