ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆՆԵՐԸ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին առթիւ ստեղծուած է հոգեւոր յուզումնալի ապրումներու մթնոլորտ մը։ Ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը Մեծ պահոց շրջանին ամէն օր Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ կը սարքէ սիրոյ սեղան։ Պահքի այս սեղաններուն շուրջ կը համախմբուին Գոց շուկայի եւ յարակից շրջաններու մեր արհեստաւորները եւ համայնքի համեստ խաւերէն ներկայացուցիչներ, որոնք կ՚ապրին միասնաբար հաց բեկանելու երջանկութիւնը, նաեւ երկիւղածութեամբ մասնակցութիւն կը բերեն խաղաղական ժամերգութեան։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան նշանակուած է՝ Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի խաղաղական ժամերգութիւններուն նախագահելու եւ սեղանը օրհնելու համար։
Կէտիկփաշայի մէջ նախընթաց օր սարքուեցաւ առաջին պահքի սիրոյ սեղանը։ Հայր Սուրբը հակիրճ քարոզ մը խօսեցաւ խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին։ Աւելի վերջ բոլորը համախմբուեցան յարակից սրահին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Ներկայ էին Թաղային խորհուրդի անդամներէն Տիրան Պոստան, Նուրհան Տէօնէր եւ Կարպիս Չաքարօղլու։ Խաթուն Քայայի կողմէ գլխաւորուած Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները ջերմօրէն հիւրընկալեցին պահքի սեղանի բոլոր մասնակիցները։ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան այս առթիւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի ջանքերուն մասին, որոնց շնորհիւ կը շարունակուի այս նախընթացը։
Կէտիկփաշայի մէջ պահքի սեղանները պիտի սարքուին ամէն օր, մինչեւ Աւագ շաբաթ, բացի շաբաթավերջէ։