ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ Բուն բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Միեւնոյն ժամանակ նշուեցան թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դասու հիմնադրութեան 109-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 86-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Ամբողջ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը բարձր տրամադրութեան մէջ էր եւ զգալի էր հրճուանքի մթնոլորտը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Արարողութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով վերյիշուեցան դպրաց դաս-երգչախումբի հոգելոյս հիմնադիրները, դպրապետները, երաժշտապետները, բոլոր անդամներն ու սատարողները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով հոգեւոր հայրերը։ Ներկայ էին Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, նոյն քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչներ, Ֆէրիգիւղի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, համակիրներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Դալար Տումանի հանդիսավարութեամբ։ Տնօրէն խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց Ալէն Հաճընլեան։ Դպրապետ Սեդրակ Սրկ. Տավութհանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Գեղարուեստական բաժինը բաղկացած էր երաժշտական կատարումներով։ Բոլոր անոնք, որոնք հանդէս եկան երաժշտական բաժնին մէջ, կը կրէին Բարեկենդանի բնորոշ տարազներ։ Երգչախումբի մենակատարներէն Ալիս Շահինօղլու մեկնաբանեց քանի մը կտորներ՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Ան այդ երգերէն մէկուն ժամանակ հանդէս եկաւ փոքրիկն Յարութիւն Տիտոնեանի հետ։ Դաշնակի յաջող նուագներով գնահատանքի արժանացաւ Շանթ Էսմէր։ Նատին եւ Դալար Միտոեաններն ալ իրենց նուագներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Արաս Մեսրոպեանի նուագներով բեմին վրայ ներկայացուեցաւ նաեւ Ս. Վարդան զօրավարի կերպարը։

Այս բոլորէն վերջ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեց հուսկ բանքը արտասանելու։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձր գնահատանքով ու մեծ դրուատիքներով արտայայտուեցաւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի գործունէութեան մասին։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրեց, որ Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը մեր ամբողջ համայնքի գնահատանքին արժանի է, որովհետեւ կը ծառայէ ոչ միայն Ֆէրիգիւղին, այլ մեր ամբողջ համայնքին եւ իր սպասաւորութեան շնորհիւ, յաջողութիւններուն շնորհիւ մեր ամբողջ համայնքը կ՚ապրի մեծ պատիւ մը։ Ուստի, մեր համայնքէն ներս Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ունեցած դերակատարութիւնը բացատրելու համար բառերը կը մնան անբաւարար։

Աւելի վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ Վարդանանց տօնին։ Իր խօսքերով, այս տօնը համաքրիստոնէական նշանակութեամբ Ս. Զատիկէն եւ Ս. Ծնունդէն աւելի կարեւոր է, որովհետեւ ունի ազգային բնոյթ։ «Սա հայոց գոյութեան տօնն է, մեր ունեցած բոլոր արժէքները կը պարտինք Վարդանանցի», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը եւ պատգամեց, որպէսզի մերօրեայ սերունդները փարած մնան մեր արժէքներուն։

Միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով սիրոյ սեղանը հասաւ աւարտին։

          

Երկուշաբթի, Փետրուար 12, 2018