ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳ

Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Սա Մարալ Այվազի առաջին մենահամերգն էր, որ պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Ձեռնարկը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ։ Երեկոյթի հովանաւորն էր յայտնի համայնքային բարերար, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։

Սա Մարալ Այվազի առաջին մենահամերգն է, որու ընթացքին ան առարկայ դարձաւ իր արուեստի համակիրներու ջերմ վերաբերմունքին։ Յայտագրի տեւողութեան ան յաջողեցաւ բարձր տրամադրութիւն ապահովել սրահին մէջ եւ վառ հաղորդակցութիւն մը հաստատեց ունկնդիրներուն հետ։ Երգացանկի կտորները ան մեկնաբանեց «Առագաստ» նուագախումբին հետ։ Հայկական երաժշտութեան յայտնի նմոյշները ան կատարեց խոր տպաւորութիւն գործելով ունկնդիրներուն վրայ։ Երեկոյթի ընթացքին պահ մը Մարալ Այվազին միացաւ նաեւ երգիչ Պարթեւ Կարեան։

Ձեռնարկէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը, մինչ յուշանուէրներ ստացան Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Մուամմէր Քեսքին եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 12, 2020